Jump to content

Մարդ Մը Շինենք (գիրք)

«Մարդ մը շինենք», արեւմտահայերէն գիրք՝ մարդակազմութեան մասին։ Գիրքին հեղինակն է բժիշկ Լեւոն Գրիգորեան: Հրատարակուած է Փարիզ, 1930-ին: Հարուստ է մեծ թիւով բժշկական լուսապատկերներով: Ան լոյս տեսած է հեղինակի «Բուժանք» ամսագիրի մատենաշարին մէջ` իբրեւ թիւ երեք:

Գիրքը կը սկսի հեղինակին կողմէ գրուած «Մարդ մը շինենք» վերնագիրով ամփոփ խօսքով մը, որուն կը յաջորդեն գիրքին բաղկացուցիչ 16 բաժինները` գրուած 180 էջերու վրայ:

Գիրքին վերջաւորութեան յիշուած է 16 բաժիններու ցանկը հետեւեալ շարքով`բջիջ եւ հիւսուածք, ոսկոր եւ կմախք, յօդերը, դնդերները, մորթը, աչքերը, ականջները, քիթը, բերան եւ լեզու, մարսողական գործարան, շնչողական գործարան, արեան շրջանառութեան գործարան, միզային գործարան, ծննդական գործարան, ջղային դրութիւն, ներծոր գեղձեր[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ««Մարդ Մը Շինենք» Մարդակազմութեան Աննախընթաց Գիրքը»։ aztag32.rssing.com։ արտագրուած է՝ 2023-06-19