Jump to content

Մարգարեանի Շղթայ

Մարգարեանի Շղթան (Կոյս համաստեղութիւն) դիտուած փոքր հեռադիտակով։

Մարգարեանի Շղթայ․ տարածուած Ծիր-Կաթիններ են, որոնք մաս կը կազմեն Կոյս համաստեղութեան։ Երկրէն դիտուած անոնք հեշտօրէն կ՛երկարին կոր գիծի մը վրայ։ 1781-ին առաջին անգամ Չարլս Մեսիէ կը յայտնաբերէ ծիր-կաթիններէն երկուքը՝ M84 եւ M86։ Մնացեալները Ուիլիամ Հերշել կը յայտնաբերէ․ անոնք այժմ ծանօթ են իրենց ցուցակին անունով, «Ճոն Լուիս Էմիլ Տրայըրս Նիու Ճեներալ քաթալոկ»ին (John Louis Emil Dreyer's New General Catalogue) մէջ որ հրատարակուած է 1888-ին։ 1960 տասնամեակի սկիզբներուն, Մարգարեանն է որ կը յայտնաբերէ անոնց կապը Կոյս համաստեղութեան մէջ, որպէս աստղահոյլերու խումբ մը․ M84 (NGC 4374), M86 (NGC 4406), NGC 4477, NGC 4473, NGC 4461, NGC 4458, NGC 4438 եւ NGC 4435. Կը գտնուին RA 12h 27m եւ Dec +13° 10′։

Մարգարեանի Շղթային լուսաւոր անդամները Երկիրէն տեսանելի են փոքր հեռադիտակներով։ Աստղահոյլերոն կեդրոնը կ՛երեւին «թաղուած» ծիր-կաթիններ NGC 4438 եւ NGC 4435, մօտաւորապէս 50 միլիոյ լոյսի տարի հեռաւորութեամբ, ծանօթ որպէս Մարգարեանի Աչք։

[1] [2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]