Jump to content

Մարաղա (գիւղ)

Բնակավայր
Մարաղա
ազրպ.՝ Şıxarx
Երկիր Արցախի Հանրապետութիւն
ԲԾՄ 315 մեթր
Կը գտնուի ափին Թարթառ գետ
Ժամային գօտի UTC+4։00

Մարաղա (նախկին՝ մինչեւ 1954Մարգուշեւան, այնուհետեւ Լենինաւան), անբնակ գիւղ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ։ Ներկայիս գիւղին մէջ կը բնակի 100 ազրպէյճանցի։ Կը ծրագրեն Մարաղայի մէջ կառուցել մզկիթ։

1980-ի դրութեամբ կը զբաղուէր խաղողագործութեամբ, բանջարաբուծութեամբ եւ հացահատիկի մշակութեամբ, անասնապահութեամբ։ Մարաղայի մէջ կը գործէր խաղողի նախնական վերամշակման գործարան, կենցաղսպասարկման կոմբինատ, Ղարաբաղի (գիւղատնտեսական թեքումով) զոնալ փորձակայանի մասնաճիւղը։ Ունէր 2 միջնակարգ դպրոց, 3 գրադարան, մշակոյթի պալատ, կապի բաժանմունք, հիւանդանոց, մսուր-մանկապարտէզ։

10 Ապրիլ 1992-ին ազրպէյճանական միլիցիայի յատուկ նշանակութեան ջոկատը հրկիզած է գիւղը եւ կոտորած բնակչութիւնը։ Մարաղան մինչեւ հիմա կը շարունակէ մնալ Ազրպէյճանի հսկողութեան տակ։ Մարաղայի ողբերգական դէպքերու ընթացքին սպանուած հայերու թիւը կը տատանի 80-100-ի միջեւ։ Աւելի քան 40 մարդ վիրաւորուած է, 63-ը՝ գերի վերցուած։ Սպանդը շարունակուած է 22-23 Ապրիլին, երբ կենդանի մնացած մարաղացիները վերադարձած էին մահացածներուն հողին յանձնելու համար։ Տուեալները հաստատուած են Հելսինկի Ուոչ միջազգային իրաւապահ կազմակերպութեան կողմէ։

Մարաղայի կոտորածը ղարաբաղեան կողմէ կը գնահատուի իբրեւ ցեղասպանութիւն։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։