Jump to content

Մանկավարժական Թերթ

Մանկավարժական Թերթ
Մանկավարժական թերթ
Տեսակ թերթ
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 1878
Երկիր  Ռուսական Կայսրութիւն
Գրասենեակ Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն

«Մանկավարժական թերթ», ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1878-1879 թուականներուն, Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիր-արտօնատէր՝ Յ. Տէր-Յովհաննիսեան։ Տպագրած է նիւթեր մանկավարժութեան վերաբերեալ, լուսաբանած Անդրկովկասի կրթական հաստատութիւններու գործունէութիւնը։ Կարեւորած է ուսուցողական նիւթերու օգտագործումը, մանկական եւ ժողովրդական երգերու ուսուցումը, մերժած պատիժը։ Հրատարակած է Ա. Բահաթրեանի «Մայրենի լեզուի ուսուցումը տարրական դպրոցներու մէջ» (1878 թուական ), Ս.Մանդինեանի «Թուաբանութեան մեթոդիկայի մի քանի օրինակ» (1879 թուական ) յօդուածները։ Ծանօթացուցած է եւրոսքացի նշանաւոր մանկավարժներ Ֆ. Ֆրէոպելի, Ի. Պեստալոցցիի մեթոդներուն։ Տպագրած է նաեւ գրախօսութիւններ, արտասահմանեան երկիրներու մանկավարժական կեանքի նորութիւններ են[1][2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։