Jump to content

Մամլուք

Մամլուք (արաբերէն՝ مملوك‎, բառացի թարգմանաբար՝ սեփականութիւն), զինուորական դաս միջնադարեան Եգիպտոսի մէջ, որ կը ձեւաւորուէր տարբեր ազգերէ (գլխաւորաբար՝ թուրք, չերքէզ, վրացի)

գերեվարուած պատանիներէ, որոնց կանուխ տարիքէն կը վարժեցնէին ռազմական գործին։

Մամլուքները սկիզբը կը կազմէին եգիպտական բանակի յատուկ ընտրանի եւ որոնք դարձան խաչակիրներու դէմ պայքարող գլխաւոր ուժը։ Մամլուքները ազատութիւն ստացած ստրուկներ էին, ովքեր անցած էին զինուորական ծառայութեան։ Այուպեաններու ժամանակ մամլուք պէյերը զգալի տիրոյթներ ձեռք բերին եւ փաստացի անոնք Այուպեաններու վերջին շրջանին իշխանութիւնը կեդրոնացուցած էին իրենց ձեռքը։

1250 թուականին մամլուքները կ'անցնին Եգիպտոսի իշխանութեան գլուխ եւ անոնց օրօք Եգիպտոսը կ'ունենայ տնտեսական եւ մշակութային մեծ վերելք։ 1375 թուականին մամլուքները կը գրաւեն Կիլիկիայի հայկական թագաւորութիւնը եւ մայրաքաղաք Սիսը, գերի կը վերցնեն արքայ Լեւոն Զ-ն եւ ընտանիքը։ Անկէ յետոյ փաստացի Կիլիկիայի Հայկական Թագաւորութիւնը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ։ 1515 թուականին Կիլիկիան կը գրաւուի օսմանեան թուրքերուն կողմէ։

1516 թուականին օսմանեան բանակները Սուրիոյ մէջ ջախջախիչ պարտութեան կը մատնեն մամլուքները եւ շուտով կը նուաճեն Եգիպտոսը։ Մամլուքներն իրենց գոյութիւնը կը շարունակեն օսմանեան իշխանութեան ներքեւ։

1808 թուականէն սկսեալ Եգիպտոսի փաշա Մուհամմատ Ալին կը զրկէ զիրենք մեծ իրաւունքներէ՝ այդ կարգին հողատիրական իրաւունքէն եւ 1811 թուականին գրեթէ կը բնաջնջէ զանոնք։ Կը սպաննուի մօտ 4000 մամլուք, փրկուածներու մէկ մասն ալ կը փախչի Սուտան։

  • Պողոսյան Վ. Ա. Հայերը - Նապոլեոնի ուղեկիցներ. Պատմություններ եւ առասպելներ։ Երեւան, «Էդիտ Պրինտ» հրատարակչություն, 2009. ISBN 978-9939-52-163-3
  • D. Nicolle, A. McBride «The Mamluks 1250—1517» - «Osprey Publishing», 1993 ISBN 1-85532-314-1
  • БАХРИТЫ. Династия мамлюкских султанов, правивших в Египте в 1250 - 1382 гг.

Արտաքին հղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]