Մահապհարաթա
Արտաքին տեսք
Մահապհարաթա Աշխարհի ամէնէն երկար բանաստեղծութիւնը, որ հինտու կրօնքի սուրբ գրութիւններէն է[1]:
Անիկա կը բաղկանայ մօտաւորապէս 1,8 միլիոն բառէ եւ կը պատմէ իրարու դէմ պատերազմող երկու զարմիկներու ընտանիքներուն պատմութիւնը[2]:
«Մահապհարաթան» կը պատմէ Պհարաթա թագաւորին ժառանգորդներուն մասին։
Տասնհինգ գիրքերէ կազմուած պատմագրութիւններու, առակներու, երկխօսութիւններու, աստուածաբանական, քաղաքական, իրաւական բնոյթի դատողութիւններու, առասպելներու, ծագումնաբանութիւններու, օրհներգերու եւ ողբերգերու ամբողջութիւն մըն է։
Կ'ըսուի, թէ, որ անոր մէջ կայ աշխարհի ամէն ինչը։