Ճռաքաղ
«Ճռաքաղ», բանասիրական, կրօնական երկշաբաթաթերթ, ապա 4 ամսագիր (1860)։ Լոյս տեսած է 1853-1962 թուականներուն, Մոսկուայի մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչներ՝ Մ․ Մսէրեան եւ Զ․ Մսէրեան։
Հակադրուած է «Հիւսիսափայլ»-ին լեզուի, կրօնի ու եկեղեցւոյ, լուսաւորութեան հարցերուն։
Զետեղելով կրօնական ճառեր ու քարոզներ, ծանօթացնելով հայ եկեղեցւոյ ծէսերուն ու աւանդութիւններուն՝ փորձած է հոգեւոր դաստիարակութիւն տալ ընթերցողներուն։ Տպագրած է հատուածներ հայ մատենագիրներու ու պատմիչներու գործերէն, պատմական ակնարկներ, զրոյցներ, տեղեկութիւններ գիտական յայտնագործութիւններու մասին, նիւթեր Ռուսաստանի պատմութեան վերաբերեալ[1][2]։
Գրական բաժինը ներկայացուցած է Մսէրեաններու, Սեեադի (Պ․ Մադաթեան), Ե․ Սահակեանի, Լազարեան ճեմարանի սաներու բանաստեղծութիւնները։ Ամսագրի լեզուն հիմնականին գրաբար էր։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ՃՌԱՔԱՂ»։ արտագրուած է՝ 2023-01-12
- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»