Jump to content

Ճորճ Թիւթիւնճեան

Ճորճ Թիւթիւնճեան
Անուն Ճորճ Թիւթիւնճեան

Ճորճ Թիւթիւնճեան (ծնած՝ 1930,ին Հալէպ, Սուրիա - մահ.՝ 7 Նոյեմբեր 2006, Մոնթրէալ, Քանատա) Ազգային եւ Յեղափոխական Երգերու Մեկնաբան: Ան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ եւ մարզիկ:

Ան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, 1930ին [1]: Զաւակն է երաժիշտ ծնողներու, որոնք երաժշտութեան սէրը փոխանցած են Ճորճին:

Ճորճ Թիւթիւնճեան հաւատացած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարախօսութեան եւ գործած է «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանի ոգիով: 1960ական թուականներէն սկսեալ, ան իր յեղափոխական երգերով մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուց յատկապէս պատանի եւ երիտասարդ սերունդին մօտ: Ճորճ Թիւթիւնճեանի երգելու ոճը կը համապատասխանէր պատանեկան միութիւններու մէջ սորված երգերուն [2]:

Հալէպի մէջ, Ճորճ Թիւթիւնճեան եղած է առաջին հայերէն երգող երգիչներէն: Ան կ’երգէր Սայեաթ Նովայէն, Կոմիտասէն, Աշուղ Ջիւանէն:

1986ին, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Մոնթրէալ, ուր շարունակած է երգել եւ այդպիսով սատարել հայ մշակոյթին:

Մինչեւ իր մահը՝ 7 Նոյեմբեր 2006,[1] ան իր երգերով շարունակեց սատարել հայ մշակոյթին, փառաբանելով մեր ազգի հոգեկան եւ բարոյական արժէքները, մղիչ ուժ հանդիսանալով հայ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն:

Առաջին երգահանդէսը Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» սրահին մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճորճ Թիւթիւնճեան 1976-ին, Լիբանանի Ուրֆայի հայրենակցական միութեան հրաւէրով Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» սրահին մէջ ունեցաւ իր առաջին երգահանդէսը զուտ յեղափոխական երգացանկով: 2000 աթոռ հաշուող «Գերմանիկ» սրահը ծայրէ ծայր լեցուն էր, եւ խանդավառութիւնը հասած էր իր գագաթնակէտին: Բեմի վրայ արձանագրուած ձայներիզները շուտով հրապարակի վրայ էին եւ ամէն հայու տուներէն ու ինքնաշարժներէն յեղափոխական երգն էր, որ կը հնչէր: Ճորճ Թիւթիւնճեանի երգելու ոճը կը համապատասխանէր պատանեկան միութիւններու մէջ մեր սորված երգերուն: Այդ երգահանդէսի յաջողութենէն քաջալերուած` Ճորճ «ջուրի ճամբայ» ըրաւ Հալէպ-Պէյրութ գիծը: Քանի մը ամիսը անգամ մը կ՛այցելէր Պէյրութ եւ բեմի վրայ արձանագրուած ձայներիզները կը բազմապատկուէին [2]:

Խտասալիկներու հրապարակում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճորճ Թիւթիւնճեան 2002ին հրապարակած է ազգային, յեղափոխական եւ տոհմիկ 60 երգեր պարփակող երկու խտասալիկ, բացատրելով.

«Այս խտասալիկները կը նուիրեմ բոլոր անոնց, որոնք ներշնչուելով հայ ազգային եւ յեղափոխական երգերէն, կը սատարեն մեր ազգի վերելքին եւ գոյատեւման: Կը յուսամ, որ յաջողած ենք մեր առաքելութեան մէջ, որովհետեւ այսօր, մեր ազգային եւ յեղափոխական երգերը մնայուն ներկայութիւն են մեր տուներէն ներս եւ թափանցած են մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, որպէս պահանջատիրական պայքարի մղիչ ուժ: Հոս իմ երախտագիտութեան զգացումներս կ’ուզեմ յայտնել ձեզի, սիրելի ազգայիններ, որ 60 տարիներու ընթացքին, իմ բոլոր երգահանդէսներուն քաջալերեցիք զիս ձեր ներկայութեամբ եւ թիկունք կանգնեցաք իմ նախաձեռնութիւններուն»:
- Ճորճ Թիւթիւնճեան


Ան բազմիցս այցելած է Լոս Անճելըս եւ իր յեղափոխական երգերով խանդավառութիւն ստեղծած ազգային տօնախմբութիւններու ընթացքին: Իր վերջին այցելութեան, 2001ին, Փասատինայի մէջ տեղի ունեցած խրախճանքի մը առիթով, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն զինք պատուեց յուշամետալով, առ ի գնահատանք ազգային-յեղափոխական երգերու տարածման մէջ իր ունեցած վաստակին:

Ձայնագրութիւն Սկաւառակագրութիւն Discography

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երաժշտական Տաղաւարի ձայնագրութիւններ Studio Albums

  • 1983 Իմ Կտակը - Ապրիլ 24
  • 2002 60-ամեակի տարեդարձը (4-CD set)

Կենդանի կատարումներու Ալպոմներ Live Albums:

  • 1978 Կենդանի կատարում՝ Պէյրութ, Լիբանան «Արիւնոտ Դրօշ» Live In Beirut: Arunod Trosh
  • 1988 Կենդանի կատարում Լոս Անճելըսի մէջ Live In Los Angeles
  • 2005 Կենդանի կատարում՝ ՀամերգLive In Concert

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]