Jump to content

Ճենթըլ Պարն Ագարակը


Ճենթըլ Պարն ագարակը կը գտնուի Սանթա Քլարայի շրջանը, Լոս Անճելըս քաղաքին հիւսիսը[1]: Հիմնուած է 1999-ին:

Այս ագարակը կ'ընդունի ոչ միայն ագարակի անասուններ, սակայն նաեւ` շուներ, կատուներ, լամաներ, որոնց նկատմամբ մարդիկ վատ վերաբերում ցուցաբերած են: Այս անասունները հոն կը խնամուին եւ կամաց-կամաց դարձեալ վստահութիւն կ'ունենան մարդոց հանդէպ:

Այս անասուններուն ընկերակցելու համար ագարակը կ'ընդունի նաեւ հարցեր ունեցող մանուկներ: Այդ մանուկները նաեւ վատ վերաբերումի զոհ եղած են, կամ կը տառապին ֆիզիքական կամ մտային թերութենէ: Այդ ագարակին մէջ անոնք ընկերային կապեր կը հաստատեն անասուններուն հետ: Անոնք կը սորվին անոնցմով զբաղիլ, անոնց հոգ տանիլ, պատասխանատուութիւններ ստանձնել եւ մեծնալ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]