Ճափոնի փողոցներուն հասցէները
Արտաքին տեսք

Ճափոնի փողոցներուն [1]մեծ մասը անուն չունի:
Ճափոնցիները ուրիշ երկիրներու մէջ գործածուած հասցէներու դրութենէն շատ աւելի տարբեր ձեւ մը կը գործածեն: Այս դրութիւնը բաւական խրթին է: Բացի գլխաւոր քանի մը խաչմերուկներէն, Ճափոնի մէջ ճամբաները անուն չունին: Քաղաքները բաժնուած են թաղամասերու, որոնք իրենց կարգին բաժնուած են թաղերու. այս թաղերը բաժնուած են շէնքերու խումբերու, իւրաքանչիւր շէնք, որ մաս կը կազմէ այդ խումբին, ունի թիւ մը:
Այս շէնքերու խումբերուն թիւերը հասցէներն են: Այս խումբերուն թիւերը տրուած են ըստ անոնց շինութեան թուականին: Ասիկա շատ դժուար կը դարձնէ Ճափոնի մէջ հասցէ մը գտնելը, նոյնիսկ ճափոնցիները երբեմն կը կորսուին: