Ղեւոնդ Ա. Քհնյ. Ագթաւուգեան

Ղեւոնդ Ա. Քհնյ. Ագթաւուգեան
Ծնած է 1925
Ծննդավայր Հալէպ
Ծնողներ Աւետիս (այժմ՝ Տէր Սարգիս Ա. Քհնյ. Ագթաւուգեան), Զեփիւռ եւ Ֆլորա

Ղեւոնդ Աւ. Քհնյ. Ագթաւուգեան, (ծնած՝ 1925, Հալէպ - վախճանած՝ 2 Մարտ 1989, Հալէպ): Ան կը նկատուէր իր շրջանի քահանայից դասուն լաւագոյն տոմարագէտը: Եկեղեցական կեանքի նուիրելէ ետք, ինքնաշխատութեամբ սորված է եկեղեցական զգեստներ կարելու նրբութիւնները: Իր բծախնդրութեամբ ու բարձր ճաշակով դարձած է եկեղեցական ամենագեղեցիկ եւ ամենայաջող զգեստ կարողն ու պատրաստողը: Համբաւը տարածուած էր մինչեւ հեռաւոր Ամերիկաներ: Այդ հայկական գաղութի հոգեւորականները պատարագի զգեստներ կարել կու տային իրեն եւ գոհ կը մնային: Իրմէ ետք, իր ճաշակով եւ որակով զինք փոխարինող մը չէ եղած:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւազանի անունով՝ Սարգիս, որդի Աւետիսի եւ Ֆլորայի, բնիկ պուրսացի, ապրած է նիւթական շատ համեստ պայմաններու մէջ։ Ունեցած է երէց քոյր մը՝ Նազելի անունով։

Փոքրիկն Սարգիս նախ յաճախած է հիւղաւանի այսինքն «քեմփ» Եդեսացւոյց երկսեռ վարժարանի մանկապարտէզը, իսկ նախակրթարանի ուսումը ստացած է Ազգ. Սահակեան վարժարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1939-ին։

Հակառակ ուսումնատենչ ըլլալուն, չէ կրցած ուսումը շարունակել նիւթական պատճառներով։ Հանապազօրեայ հացի համար նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ հետեւելով արհեստի դարձած է դերձակ։ Սակայն անոր կեանքին կարեւորագոյն մասը կազմած է եկեղեցին։ Բարեպաշտ ծնողքէն ստացած կրօնաբարոյական դաստիարակութիւնը զինք կապած է Հայց. Եկեղեցւոյ: Մանկութենէն իսկ ան եղած է դպիր, ապա ուրարակիր Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ այս ծառայութիւնը շարունակած՝ մինչեւ իր ամուսնութիւնը:

Ան իր կեանքի ընկերը ընտրած է Միսաքի եւ Իսկուհիի դուստրը՝ օրդ. Պայծառ Յարութիւնեանը, որուն հետ պսակուած է 28 Մայիս 1950-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ՝ Տ. Նշան քահանայ Մարգարեանի։ Ունեցած է երեք զաւակ՝ Աւետիս, Զեփիւռ եւ Ֆլորա։

Քահանայական պատրաստութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր կրօնական եւ եկեղեցական գիտելիքները անբաւարար համարելով, բուռն փափաք ունեցած է քահանայական պատրաստութեան համար Անթիլիասի դպրեվանքը երթալ եւ քահանայական դասընթացքներու հետեւիլ: Յաջողած է այդ փափաքը իրականցնել եւ օրուան Առաջնորդ՝ Տ. Զարեհ Եպս. Փայասլեանի յանձնարարագրով՝ 3 Հոկտեմբեր 1952-ին մեկնած է Անթիլիասի դպրեվանքը: Երկու տարիներ հետեւած է քահանայական դասընթացքի եւ ուսման ընթացքը աւարտելէ ետք, վերադարձած է Հալէպ, 1954-ին: Ապա Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Զարեհ եպս. Փայասլեանի ձեռամբ, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ 28 Փետրուար 1954-ին ձեռնադրուած է քահանայ՝ վերակոչուելով Տէր Ղեւոնդ, օծակից ունենալով Տ. Վարդան, Տ. Վահան, Տ. Հմայեակ եւ Տ. Ատոմ: Վարդանանց խորհուրդէն թելադրուած՝ այս հինգ նորընծաները մկրտուած են Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց անուններով: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կարգադրութեամբ նորընծայ Տէր Ղեւոնդ հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ, որուն ծխական ժողովուրդը փոքրաթիւ ըլլալուն, սկսած է քահանայագործել հազիւ հարիւր ընտանիքներով:

Տէր Ղեւոնդ այնքան կապուած էր եւ կը սիրէր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որ իր քահայանագործութեան գերագոյն նպատակը դարձուցած էր եկեղեցին զօրացնել դպրաց դասով, երգեցողութեամբ, տիկնանց միութեամբ եւ հաւատացեալներու բազմացումով, այն աստիճան, որ անիկա դառնայ մրցակից՝ Հալէպի Հայց. Առաքելական միւս եկեղեցիներուն։ Այս ուղղութեամբ ճիգ չէ խնայած իր նպատակը իրականացնելու համար[1]։

Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ՝ Տէր Ղեւոնդ այցելու քահանայ նշանակուած է Ճարապլուսի հայ գաղութիւն: Տէր Գարեգինէն ետք, երկար տարիներ հովուած է այս գաղութը, եւ իր հերթական այցելութիւններով այդ շրջանի կրօնական ու ազգային կարիքները գոհացուցած: Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ իր առաջին գործակիցները եղած են Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Աղաճանեան եւ Տ. Վարդան քհնյ. Պոյաճեան: Հետագային իրեն գործակցած է Տ. Գրիգոր քհնյ. Արապաթլեան եւ ապա Տ. Յուսիկ Ա. քհնյ. Սեդրակեան:

Իբրեւ քահանայ, տարիներու ընթացքին յարատւ ջանքերով յաջողած է իր ծխական ժողովուրդին թիւը աճեցնել ու բազմացնել եւ հասցնել աւելի քան հինգ հարիւր յիսուն ընտանիքներու: Այսպիսով, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին քիչ մը աւելի զօրացած է իր ծխական ժողովուրդով:

Վարչական կեանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բերիոյ Թեմի ազգային-ժողովական կեանքին իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է: Աւելի քան տասնվեց տարիներ (ութ շրջան) «Դատաստանական Խորհուրդ»ի անդամ եւ ատենադպիր եղած է, ինչպէս նաեւ «Կրօնական Ժողով»ի անդամ: մօտաւորապէս 28 տարիներ, երկու շրջան ( 20 տարի) «Ազգ. Գաւառական Ժողով»ի անդամ եւ մէկ շրջան ալ ծառայած է Կրօնական Դաստիարակութեան Խորհուրդին մէջ:

Ան ժողովական փորձառութիւն ձեռք ձգած է եւ գիտցած՝ քաջաբար ճշմարտութիւնը պաշտպանել: Համբերատար ու հանդարտաբարոյ նկարագրով եւ շատ մեղմ, ազնիւ արտայայտութեամբ՝ ան իր համոզումներն ու տեսակէտները անվերապահօրէն ըսած է, նոյնիսկ երբեմն հանգամանաւոր անձնաւորութիւններու ճնշող ներկայութեան:

Տոմարական գիտելիքներ՝ Տոմարագէտը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տէր Ղեւոնդ Ա. Քհնյ. Ագթաւուգեան մեծ սէր ու հետաքրքրութիւն ունէր ծէսի ու տոմարի նկատմամբ: Իր կրօնական կեանքի գլխաւոր հետաքրքրութիւնը մեր եկեղեցւոյ տոմարի աշխարհն էր, զոր այնքան սիրած է: Դպրեվանքէն ծնունդ առած սէրը զինք առաջնորդած է ինքնաշխատութեամբ խորացնելու ու հարստացնելու տոմարական գիտելիքները: Այս գիտութիւնը իր մէջ այնքան մշակած ու զարգացուցած էր, որ ան կը նկատուէր իր շրջանի քահանայից դասուն լաւագոյն տոմարագէտը:

Բարեբախտաբար այդ գիտելիքները իրեն չվերապահեց, այլ օգտակար դարձաւ տպարանի վարչութեան եւ միութիւններու, որոնք իրենց տարեկան հրատարակելիք օրացոյցներու տօներու ճշգրիտ թուականներն ու օրերը գիտենալու համար դիմած են Տէր Հօր, որ ժամանակ տրամադրած է եւ մեծ սիրով պատրաստած՝ տարուան մը տօներուն ճշգրիտ թուականները:


Ուխտագնացութիւններ եւ Ճամբորդութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր սերնդակիցներուն պէս, ինքն ալ կատարած է ուխտագնացութիւններ ու ճամբորդութիւններ.

  • 1964-ին, իբրեւ ուխտաւոր ընտանեօք գացած է Երուսաղէմ եւ այցելած ու պատարագած է ուխտատեղիներուն մէջ:
  • 1967-ին, ճամբորդած է Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքը, երկու ամիս տեւողութեամբ:
  • 1980-ին, իր Աւետիս (ներկայիս Տէր Սարգիս Ա. Քհնյ.Ագթաւուգեան ) զաւկին երկրաչափութեան վկայական ստանալուն առթիւ, մեկնած է հայրենիք:
  • 1985-ին, աւելի քան երեք ամիս ընտանեօք մեկնած է Պրազիլ, երէցկնոջ հարազատներուն տեսակցութեան:

Պարգեւներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ տարիներու իր անխոնջ եւ բարւոք ծառայութեան համար գնահատուած ու պարգեւատրուած է Լանջախաչով. Ծաղկեայ սեւ փիլոնով, ապա Աւագութեան տիտղոսով: Եղած է նաեւ Բերիոյ Թեմի քահանայից դասուն այն հինգ բախտաւոր եկեղեցականներէն մէկը, որ աւելի քան երեսուն տարիներ քահանայագործած ըլլալուն համար, արժանացած է պարգեւատրուելու յատուկ գնահատագրով մը, հրապարակային հանդիսութեամբ, 1986-ին, Առաջնորդ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի ձեռամբ:

Վախճան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1987-ին, շնչարգելութեան տակաւ առ տակաւ սաստկացոծ աւերիչ հիւանդութեան պատճառով, քաշուած է հրապարակէն, դադրած քահանայագործելէ՝ անկողին ծառայելով: Երբ բուժումը անյոյս կը դառնայ, Առաջնորդ Սրբազան հօր տնօրինումով եւ իր փափաքով, 1988-ին իր հովուած հինգ հարիւր յիսուն ընտանիքները կը բաժնուին երիտասարդ քահանաներու՝ Տ. Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեանի եւ Տ. Մաշտոց քհնյ. Արապաթլեանի միջեւ, որոնք նորընծայ քահանաներ էին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի հաստատուած:

Երկու տարի անկողին ծառայելէ ետք, Հինգշաբթի, 2 Մարտ 1989-ին կը վախճանի: Առաջնորդ Սրբազանը՝ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան կը կատարէ Թաղման կարգն ու վերջին օծումը, Կիրակի 5 Մարտ 1989-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ: Մարմինը կ'ամփոփուի Հալէպի Ազգ. Գերեզմանատան մէջ:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 257։