Jump to content

Ղարաբաղցի Կինը (քանդակ)

Ղարաբաղցի կինը քանդակ.

«Ղարաբաղցի Կինը» քանդակ, կը գտնուի Երեւանի, Օփերայի մօտ՝ Սայեաթ-Նովայի Պողոտայի եւ Տէրեան փողոցներու խաչմէրուկին վրայ։ Քանդակը ստեղծուած է 1985 թուականին, քաղաքին մէջ տեղադրուած է 1988-ին:

Քանդակը պրոնզէ կազմուած է, բարձրութիւնը 3 մեթր է:

Քանդակը տեղադրուած է 1988 թուականի 11 Նոյեմբերին Օփերային թատրոնի մերձակայ այգիին մէջ։ Հեղինակը` Դաւիթ Երեւանցին, այն նուիրա է Մշակոյթի Հայկական ֆոնտին:

Քանդակագործը արձանը կերտած է ծնունդով Շուշեցի, մենապարուհի ու երգչուհի Արեւ Պաղտասարեանի կերպարով: Խորհրդային իշխանութիւններն արգիլած էին քանդակը տեղադրել քաղաքին մէջ. այն երկու տարի կը գտնուէր ձուլարանին մէջ։ Արցախեան Շարժումէն ետք՝ 1988 թուականին, արձանը տեղադրուեցաւ Կարապի Լիճի վերի բաժնին մէջ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]