Ղարաբաղեան Օրագիր

Ղարաբաղեան Օրագիր
Պատկեր:«Карабахский дневник».jpg
Հեղինակ Աշոտ Բեգլարյան
Էջ 438


Ղարաբաղեան օրագիր, Աշոտ Բեգլարեանի գիրքը Ղարաբաղեան պատերազմի մասին։ «Ղարաբաղեան օրագիր» ժողովածուն գեղաուեստա-վաւերագրական հրատարակութիւն է՝ նախատեսուած ընթերցողներու լայն շրջանակնեու համար։ Հայ գրող, լրագրող, թարգմանիչ, արցախեան պատերազմի մասնակից՝ Աշոտ Բեգլարյանի գիրքին մէջ ընդգրկուած են ակնարկներ, յօդուածներ, հարցազրոյցներ եւ էսքիզներ, գրուած՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող պատերազմի տարիներուն (1992-1994), ինչպես նաեւ նիւթեր՝ նուիրուած յետպատերազմեան տարիներու նշանաւոր իրադարձութիւններու եւ հրատապ հիմնախնդիրներուն։ Հեղինակը կը բարձրացնէ անմարդկային պայմաններուն մէջ մարդկայինի պահպանման հարցը, կը շօշափէ սիրոյ, ընկերութեան նիւթը, մարդոց խաղաղութեան ձգտումը[1]։ Փաստագրական գիրքը լոյս տեսած է Ռուսաստանի Դաշնութեան հրապարակուող «Ժամ» ամսագիրին գլխաւոր խմբագիր՝ Աննա Գիվարգիզեանի նախաձեռնութեամբ։ Գիրքը լոյս տեսած է Մոսկուայի «Տպարան» հրատարակչատան մէջ։ Նկարիչ՝ Գագիկ Սիրավեան:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]