Jump to content

Ղաժար (գիւղ)

Գիւղ
Ղաժար
Երկիր  Սուրիա
 Լիբանան
Տարածութիւն 2,39 քմ²
ԲԾՄ 310±1 մեթր
Բնակչութիւն 2745 մարդ (2021)[1]

Ղաժար (արաբերէն՝ غجر‎), սուրիական ալեւիական գիւղ, ուր 2700 անձ կը բնակի բռնագրաւուած Կոլանի բարձունքներուն վրայ, ուրկէ կ՛անցնի Իսրայէլն ու Լիբանանը բաժնող Կապոյտ գիծը[2]:

Ղաժարը պատմութեան ընթացքին բազմիցս գրաւուած է: Երեք հարիւր տարի առաջ գիւղը յայտնի էր Տարանճէ անունով: Այն Ղաժար վերանուանուած է Օսմանեան կայսրութեան օրերուն, երբ քիւրտերը խլած են հողը գիւղացիներէն եւ` բռնի վաճառած:

2000 թուականին, երբ Իսրայէլի բանակը Լիբանանէն նահանջեց, ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչները նախաձեռնեցին այսպէս կոչուած Կապոյտ գիծ մը հաստատել երկիրներուն միջեւ: Այս պատճառով Ղաժարը բաժնուեցաւ երկու մասի[3]:

Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք էր ամբողջութեամբ վերահսկէր գիւղը 2006 թուականի պատերազմէն ետք, յետոյ, սակայն,  դիւանագիտական ջանքերը մէկ կողմ մնացին Սուրիոյ մէջ կռիւներու բռնկման պատճառով:

Ըստ տեղական առասպելի մը, Ղաժարի քիւրտ նահանգապետը փորձած է իր ձիով անցնիլ շէյխ Արպայինի գերեզմանին վրայէն: Ձին մերժած է, եւ յաջորդ օրը բռնկած է հրդեհ, որ ոչնչացուցած է նահանգապետին վահանն ու սուրը: Քիւրտերը փախած են եւ անմիջապէս վաճառած են այն[4]:

Ղաժար համայնքի գաղտնապահ կրօնը սկսած է կեանքը որպէս շիի իսլամի ճիւղ. անիկա ունի  նոր-պղատոնականութեան (Neoplatonism) եւ քրիստոնէութեան իւրայատկութիւնները, եւ  անոր շուրջ 3 միլիոն հետեւորդներէն ոմանք կը հաւատան վերամարմնաւորման[4]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. https://citypopulation.de/en/israel/northern/golan/4501__ghajar/ — 1949.
  2. «Israel approves pullout from Lebanon border village»։ BBC։ 17 November 2010։ արտագրուած է՝ 16 January 2011 (անգլերէն)
  3. «Wayback Machine»։ web.archive.org։ 2007-08-19։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-08-19-ին։ արտագրուած է՝ 2022-11-21 
  4. 4,0 4,1 «Լիբանանեան Ղաժարը Եւ Առասպելը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2022-11-21