Հ.Յ.Դ.-ի Քայլերգը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան քայլերգը՝ Մշակ Բանուորը: Հոն կը յայտնուին հիմնական քանի մը բառեր՝ միտքեր եւ կառուցուածքային հիմքեր, որոնք կ'ընդգծեն Հ.Յ.Դ. գաղափարախօսութեան գլխաւոր սլաքները: Յօրինած է Գրիգոր Սիւնին:

Յօրինման դրդապատճառներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1905-1907-ին, Գրիգոր Միրզայեան-Սիւնի տեսած ու ապրած է Ռուսիոյ յեղափոխութեան դրդապատճառը՝ բանուորութեան նիւթական թշուառութիւնը, տանջանքն ու զրկանքը եւ առնուած քայլերը վերջ տալու համար անարդար եւ անհաւասար համակարգին, խլելով դրամագլխու հարստութիւնը փոքրամասնութեան ձեռքէն եւ յանձնել զայն բանուորներուն: Դաշնակցութիւնը մեծ դերակատարութիւն ունէր օրուան ռուսական պայմանները՝ մարքսականութիւնը յարմարեցնելու հայկական պայմաններուն հետ:

Գրիգոր Սիւնի, Թիֆլիսի իր բնակարանին մէջ օրեր շարունակ կը լծուի կուսակցութեան քայլերգին ստեղծագործութեան:

Մէկ կողմէ բառերու գրութիւն, միւս կողմէ երաժշտական յօրինում. իր քովը գացող ընկերներուն առջեւ կը կարդար յօրինել սկսած «Մշակ բանուոր»ին տողերը, միաժամանակ կը նուագէր, իրմէ անբաժան եղող դաշնակին ընկերակցութեամբ, կը փորձէր սեփական եղանակաւորումը:

Սիւնի, երկար ժամեր կը տրամադրէր քայլերգին յօրինման: Ամբողջ թափով կը լծուի երաժշտական արուեստի իր մօտեցումներն ու սկզբունքները կատարելագործելու աշխատանքին: Վերջապէս օրերու վրայ երկարած այդ աշխատանքին արգասիքը կ'ըլլայ իւրայատկութեամբ եւ մասնագիտական բարձր ճաշակով քայլերգ մը:

Ահա այդպէս ծնունդ կ'առնէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան քայլերգը:

Քայլերգին բնագիրը.

Մշակ, բանուոր, ռենչպէր աղբէր,

Արի՛ք, միանանք, յառաջ գնանք…

Աշխատանքի դատի պաշտպան

Դաշնակցութեան թեւ թիկունք տանք:

Ա՜խ, մենք տանջուենք, քրտինք թափենք,

Արիւն-վաստակ դատենք, դիզենք,

Շահագործող ցեցեր վատնեն,

Իսկ մեզ չոր հաց բաժին հանեն:

Դէ՜հ, սեւ օրեր, բողոք դարձէ՛ք,

Արիւն, քրտինք երկունք մտէ՛ք,

Տանջանք, զրկանք լեզու առէք,

Սոցիալիզմի ճամբայ բացէ՛ք…


Քայլերգին մասին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սկզբնական շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քայլերգին բնագիրին մէջ, վերջին տողին առաջին բառը, ըստ օրուան պայմաններուն եւ քայլերգին ծնունդի դրդապատճառներէն մեկնած՝ արձանագրուած է «Սոցիալիզմի»: Հետագային սակայն այդ բառը փոխարինուած է «Դաշնակցութեան»ի: Այսպէս, ուրեմն՝ «Դաշնակցութեան ճամբայ բացէ՛ք»:

«Մշակ, բանուոր»ը այդ տարիներուն տակաւին շատ չէր երգուեր Դաշնակցական հաւաքոյթներու-խրախճանքներու մէջ, այնպէս որ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքայիններուն համար «Մշակ, բանուոր»ը տակաւին անծանօթ կը մնար:

Քայլերգին գաղափարախօսական առանցքները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուսումնասիրելով 1905-ին Ռուսիոյ եւ Կովկասի մէջ տեղի ունեցած գաղափարախօսական մթնոլորտը ընդհանրապէս եւ Հ.Յ.Դ. քայլերգն ու անոր բառերուն իմաստները յատկապէս, կարելի է հետեւցնել, թէ երգը իր բովանդակութեամբ կոչ մըն է: Ուղղակի կոչ մը աշխատաւոր հանրութեան` միանալու եւ պայքարելու ընդդէմ անարդարութեան: Գլխաւոր կիզակէտը «դասակարգ»ի մը կամ հասարակական «հատուած»ի մը վրայ կեդրոնացած:

Հ.Յ.Դ.-ի քայլերգին առաջին իսկ տողին, առաջին բառը կը սկսի ՄՇԱԿ բառով: Մշակը, լայն առումով հողի մշակութեամբ զբաղող, երկրագործ, վարձու աշխատող, բանուորն է: Հին Հայաստանի մէջ մշակ կոչուած են արքունի եւ տաճարային տիրոյթներու մէջ աշխատող շինականները: Մշակ կոչուած է այն հողագործը, որ մշակած է ուրիշին հողը, ունեցած սեփական տունը եւ ընտանիքը:

Միջնադարեան Հայաստանի մէջ մշակները կախեալ գիւղացիներու այն խաւն էին, որոնք կորսնցնելով իրենց հողաշերտը, յաճախ նաեւ արտադրութեան գործիքները, կը վարձակալուէին հողատէր-աւատատէրի մը քով եւ կ'աշխատէին անոնց հողատիրոյթներուն մէջ:

Ուշ միջնադարեան Հայաստանի մէջ մշակ կը համարուէին աշխատաւոր գիւղացիութեան բոլոր խաւերը, ինչպէս նաեւ վարձքով աշխատող քաղաքաբնակները: ԺԹ. դարու եւ Ի. դարու սկիզբին մշակ կոչուած են ընդհանրապէս երկրագործները, վարձու աշխատողները, բանուորները: Փոխաբերական իմաստով՝ որեւէ բնագաւառի (արուեստի, գիտութեան, կրօնի եւ այլն) աշխատող:

«Մշակ, բանուոր, ռենչպէր աղբէր,

Արի՛ք, միանանք, յառաջ գնանք,»

Յաջորդ բառը, որ նոյնպէս կը գտնուի առաջին իսկ տողին վրայ կը կարդանք ՌԵՆՉՊԷՐ` իբրեւ համակիր տարր ու նեցուկ. ըստ Մալխասեան բառարանի, պարսկերէնէ փոխառեալ է եւ կը նշանակէ` հողագործ, երկրագործ, աշխատաւոր: Պէտք է ըսել, թէ «ռա»ով սկսող հայերէն բառարմատները թիւով չափազանց սահմանափակ են, այլեւ` օտարամուտ: Այս բառերէն մէկն ալ «ռանչպար»ն է, որ երբեմն կը գրուի «ռենչպէր» ձեւով:

Այլ բառ մըն ալ՝ «Շահագործող ցեցեր վատնեն» տողին մէջն է, զոր տողը նախ իր ամբողջութեան մէջ խորիմաստ ըսելիք ունի: Սակայն, հոս ՑԵՑը պարզ բառարանային իմաստով կը նշանակէ. բրդեղէնի, մուշտակեղէնի, հացահատիկներու, բոյսերու ու կահոյքի վնասատու թիթեռ, ուտիճ: Իսկ փոխաբերական իմաստով՝

  • Ան, ինչ որ կը մաշեցնէ՝ կը սպառէ՝ կը փճացնէ:
  • Երեխան, որ կայ՝ հացի ցեց է (ասացուածք), հոգին տանջող՝ մաշող հանգամանք:
  • Կեղեքիչ, հարստահարող:

Հետեւաբար, խօսքը կը վերաբերի Ցարին, Սուլթանին ու բոլոր անոնց, որոնք հայ ժողովուրդին ունեցուածքն ու ինչքերը թալանած եւ կողոպտած են: Այլ խօսքով կեղեքած ու հարստահարած անոնց քրտինքն ու ինչքերը եւ այդ միտքն է, որ ցայտուն կերպով կը շեշտադրուի քայլերգին հետեւեալ տողերուն մէջ.

«Շահագործող ցեցեր վատնեն,

Իսկ մեզ չոր հաց բաժին հանեն»:

Քայլերգին բնագիրին մէջ տեղ գտած, վերջին տողին առաջին բառը ՍՈՑԻԱԼԻԶՄԻ, արդէն այն վարդապետութիւնն էր, որուն Դաշնակցութիւնը հաւատացած, որդեգրած եւ ամրագրած էր իր «Ծրագիր»ով: Քայլերգին «Սոցիալիզմի» բառը հետագային փոխարինուած է «Դաշնակցութեան»ի: Այսպէս, ուրեմն՝ «Դաշնակցութեան ճամբայ բացէ՛ք»[1]:

Հ.Յ. Դաշնակցութեան էութիւնը, քայլերգով արտացոլացող այդ մեծ գաղափարախօսութիւնը հիմնաւորուած էր ԸՆԿԵՐՎԱՐՈՒԹԻՒՆ հիմունքին մէջ:

Հետագային, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան քայլերգէն քանի մը բառ փոփոխութեան կ'ենթարկուի, եւ այդ ձեւով ալ կ’երգուի մինչեւ օրս.

Մշակ, բանուոր, ռենչպէր աղբէր,

Արի՛ք, միանա՛նք, յառաջ գնանք,

Աշխատանքի, դատի պաշտպան

Դաշնակցութեան թեւ թիկունք տանք:

Բա՛ւ է տանջուենք, քրտինք թափենք,

Արիւն վաստակ դատենք, դիզենք,

Շահագործող ցեցեր վատնեն,

Իսկ մեզ չոր հաց բաժին հանեն:

Դէ՜հ, սեւ օրեր, բողոք դարձէ՛ք,

Արիւն քրտինք երկունք մտէ՛ք,

Տանջանք, զրկանք, լեզու առէք,

Դաշնակցութեան ճամբայ բացէ՛ք:


Հ.Յ.Դ. կուսակցութեան քայլերգը տասնեակ տարիներ Դաշնակցական շարքայիններու շրթներուն վրայ մնացած է հաստատ, ազդու ու խօսուն: Դաշնակցութեան միտքը, կամքն ու խիղճը միաձուլուելով դարձած է շատերու մտրակ, ահազանգ, իսկ անիրաւուած հայ ժողովուրդին յոյս ներշնչողը:

Հ.Յ.Դ.-ի քայլերգը, նոյն ուժգնութեամբ եւ ռազմունակութեամբ կ'երգուի Դաշնակցական բանակին կուռ շարքերուն կողմէ, քանի որ հայ ժողովուրդին Սուրբ դատին միաձուլուած դրոշմն է ան:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]