Հրանդ Գէորգեան
Հրանդ Գէորգեան | |
---|---|
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | երաժիշտ |
Հրանդ Գէորգեան, 30 Ապրիլ 1947-ին Հրանդ Գէորգեանի համերգը տեղի ունեցաւ Պէյրութի իր ժամանակին լաւագոյն սրահներէն Կրան Թէադրի մէջ, ուր անիկա տուաւ իսկական երաժիշտի մը արժանիքներով օժտուած ըլլալուն հաւաստիքը։
Իր նախորդ համերգները թէեւ կը յայտնաբերէին բծախնդրութիւն մը արուեստի մօտեցումին իր ըմբռնումներուն մէջ, սակայն պայմանները, փորձառութիւնը ու մանաւանդ հասունութիւնը եւ կազմաւորումը կը պակսէին երիտասարդ խմբավարին ինչպէս եւ խումբին։
Այս անգամ Գէորգեան հրապարակ եկաւ յաղթահարած բազմաթիւ խոչընդոտներ ու մեծ գծերով յառաջացած արուեստի մէջ։ Անայլայլօրէն Գէորգեանի վերջին համերգը կու տայ մեզի իրաւունքը զայն դասելու արտասահմանի երգահաններու տիտղոսաւոր դասակարգին մէջ։ Իր դաշնաւորումները կը յայտնաբերեն չափազանց նուրբ զգայնութիւն մը՝ հարուստ հոգեկան բխումներով։
«Կոմիտաս» երգչախումբը հիմնուեցաւ Հ. Գէորգեանի կողմէ 1940-ին Դամասկոսի մէջ. յետոյ երբ Գէորգեան Պէյրութ փոխադրուեցաւ՝ վերակազմեց հոս[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր, Պէյրութ, էջ 172։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հրանդ Գէորգեան- Կէս Դար Երաժշտա-Մանկավ. 1937-87; Hrant Kevorkian ARMENIAN MUSIC