Հոսանք (թերթ)

«Հոսանք», տնտեսական, քաղաքական, հասարակական եւ գրական օրաթերթ։ Հայ մենշեւիկներու հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1906-1907 թուականներուն, Թիֆլիսի մէջ։ Փաստացի խմբագիրներ՝ Ա. Զուրաբեան, Արամայիս Երզնկեան։ Լուսաբանած է հայկական մենշեւիզմի, ինչպէս նաեւ ս-դ. բանուորական հայկական կազմակերպութեան (սպեցիֆիկներ) գործունէութիւնը, Պետական դումայի ընտրութիւններու ընթացքը, տպագրած նիւթեր Անդրկովկասի, Ռուսաստանի եւ արտասահմանեան երկիրներու քաղաքական, տնտեսական, մշակութային կեանքի վերաբերեալ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։