Հոգեւոր Երաժշտութիւնը Թ.- Ժգ. Դարերուն

Հոգեւոր Երաժշտութիւնը Թ.- Ժգ. դարերուն Բուն միջնադարեան հայկական արուեստի զարգացման սկիզբ, յատկապէս՝ Գրիգոր Նարեկացիի երաժշտա–բանաստեղծական ստեղծագործութեամբ[1]:

Զարգացման նպաստող պայմաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ աշխարհիկ մշակոյթի արագ զարգացումը նպաստած է հոգեւոր երաժշտութեան զարգացման՝ յատկապէս տաղային արուեստին: Շնորհիւ միջնադարու մեծագոյն բանաստեղծ եւ երաժիշտ Գրիգոր Նարեկացիին՝ հոգեւոր տաղերը նոր շունչ կը ստանան: Անոնք, ձերբազատելով հին կարծրացած ձեւերէն եւ կրելով աշխարհիկ տաղերու ազդեցութիւնը, կը դառնան աւելի ազատ եւ անկաշկանդ՝ ճշմարտացիօրէն արտայայտելով կեանքի երեւոյթները: Հոգեւոր տաղերը կը կատարուէին եկեղեցական տօներուն:Թ.-Ժգ.դարերուն դարերուն մեծ վերելք կ'ապրի նաեւ շարականներու արուեստը, որ պայմանաւորուած էր «շարականներու մեծագոյն վարպետ» Ներսէս Շնորհալիի ստեղծագործութեամբ:

Արեւմտաեւրոպական երաժտութեան պատմութեան մէջ Վերածնունդի դարը եւ Ներսէս Շնորհալին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւմտաեւրոպական երաժտութեան պատմութեան մէջ Վերածնունդի (Renaissance) դարը կը նկատուի Ժզ. դարը, երբ որոշ գերմանացի եւ իտալացի երաժշտահաններ երաժշտութիւնը եկեղեցւոյ կալանքներէն ձերբազատելու համար կը դիմեն եւրոպական աշխարհիկ երգի օժանդակութեան: Նոյն մտայղացումը կ'ունենայ Ներսէս Շորհալին Ժբ. դարուն: Ան կ'ընտրէ աշխոյժ եւ կայտառ կշռոյթ ունեցող ժողովրդային ծանօթ եղանակներ եւ անոնց յարմարցնելով կրօնական իմաստ ունեցող խօսքեր՝ կը ստեղծէ եկեղեցական երգեր: Շնորհալի նաեւ եկեղեցական աղօթքներ կամ սաղմոսներ կը յարմարցնէ աշխարհիկ կեանքին:Այսպիսով պահպանած ըլլալով դարերու ընթացքին մշակուած աւանդական ձեւերը, հոգեւոր երաժշտութիւնը կ'ապրի զարգացման նոր շրջան մը: Ներսէս Շնորհալին իր արուեստին խորքով, անոր տարողութեամբ եւ արժէքով համաքրիստոնէական մեծագոյն երեւոյթներէն մէկն է: Ան եղած է ոչ միայն երաժտահան, այլեւ իր օրերու լաւագոյն երգիչ կատարողներէն մէկը: Ներսէս Շնորհալի ճանչցուած է իբրեւ շարականներու մեծագոյն վարպետը: Դարեր շարունակ Շնորհալիի «Առաւօտ Լուսոյ», «Նորահրաշ» եւ «Զարթիք, փառք իմ» երգերը, ինչպէս նաեւ Արեւագալի շարականները մեծ ժողովրդականութիւն վայելած են եւ դարձած ազգային երգեր:Շնորհալի հանդէս եկած է իբրեւ հոգեւոր երաժշտութեան նորարարը: Ան կարգաւորած է հայոց պաշտօներգութիւնը եւ ճոխացուցած է բազմաթիւ ու բազմատեսակ ստեղծագործութիւններով:

Գրիգոր Նարեկացին՝ երաժիշտ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրիգոր Նարեկացի, իբրեւ երաժիշտ, նոր շունչ եւ կեանք տուած է հայ միջնադարեան արհեստավարժ երգարուեստին: Իբրեւ բանաստեղծ եւ երաժիշտ՝ ան առաջինը գործածած է գուսանական տաղերու ձեւը եկեղեցական բանաստեղծութեան համար: Նարեկացիի «Ահեղ ձայնն», «Սայլն այն իջանէր», «Հաւուն, հաւուն» տաղերը խոր ու իմաստուն միտքերու եւ յոյզերու աշխարհ մը կը ներկայացնեն: Յատկապէս իր տաղերուն երաժշտական բաղադրիչներուն մէջ յաղթահարուած են շարականներու հին, ութ-ձայնի դրութեան կապուած եղանակներու կազմութեան՝ տուեալ պատմաշրջանի համար արդէն քարացած ձեւերը։ Ընդհանրապէս նախատեսուած չըլլալով պարտադիր-կիրառական նպատակներու համար՝ տաղերը ազատ մնացած են եկեղեցական կանոնական մտածողութենէն ու աւելի անկաշկանդ (քան, օրինակ, շարականները) հարստացած են ժող-գուսանական արուեստէն եկող կենսունակ տարրերով։

Մաշտոց Ա. Եղիվարդեցի կաթողիկոս եւ Համամ Արեւելցի[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թ. դարուն Մաշտոց Ա. Եղիվարդեցի կաթողիկոս կը կարգաւորէ հայոց գլխաւոր ծիսարաններէն մէկը՝ «Մաշտոցը»։ Երգահաններէն յիշատակելի է Համամ Արեւելցին, իր զղջական «Հայր երկնաւոր» շարականով։ Ժ. դարուն հայոց ծիսական մատեաններէն կը կարգաւորուին նաեւ՝ Տօնացոյցն ու «Հռոմադիր» կոչուած Յայսմաւուրքը։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Հոգեւոր Երաժշտութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-08-22-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-18 

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նարդուհի Էքիզեան-Մարքոսեան, «Երաժշտութիւն, պատմութիւն եւ տեսութիւն»,Պէյրութ,2017