Jump to content

Հոգեկան Առողջութեան Համաշխարհային Օր

Հոգեկան Առողջութեան Համաշխարհային Օր (անգլերէն՝ World Mental Health Day), 1992 թուականէն սկսեալ ամէն տարի` Հոկտեմբեր 10-ին, կը նշուի Հոգեկան առողջութեան միջազգային օրը[1]։

1992-ին Հոգեկան առողջութեան համաշխարհային ֆետերասիոնն ու Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) Հոկտեմբեր 10-ն հռչակած են հոգեկան առողջութեան միջազգային օր: Դեռեւս 1948 թուականին ԱՀԿ-ի կողմէ սահմանուած է, որ առողջութիւնը «ֆիզիքական, հոգեկան եւ ընկերային ամբողջական լաւակեցութիւնն է եւ ո՛չ միայն հիւանդութեան կամ ֆիզիքական արատի բացակայութիւն»:

Տoնին հիմնական նպատակը միշտ եղած է հասարակութան ուշադրութիւնը հրաւիրել հոգեկան առողջութեան հիմնախնդիրներուն[2], ինչպէս նաեւ նախապահպանութեան ու հոգեկան բուժման հանդէպ բնակչութեան իրազեկուածութեան աստիճանաչափի բարձրացման վրայ։

Օրուան Թեմաներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օրացոյցի այս օրը ամէն տարի, համայն մարդկութեան համար, խորհուրդով մը կը ներկայանայ։ Իսկ օրուան խորհուրդն է անգամ մը եւս հասարակութեան, պետութիւններուն, կառավարութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել հոգեկան առողջութեան խնդիրներու եւ հիմնախնդիրներու վրայ[3]․ ահաւասիկ որոշ տարիներու կարգախօսը․

  • 1996 - «Կանայք եւ հոգեկան առողջութիւնը»
  • 1997 - «Երեխաները եւ հոգեկան առողջութիւնը»
  • 1998 - «Հոգեկան առողջութիւն եւ մարդու իրաւունքներ»
  • 1999 - «Հոգեկան առողջութիւն եւ տարեցներ»
  • 2000-2001 - «Հոգեկան առողջութիւն եւ աշխատանք»
  • 2002 - «Բռնութեան եւ դաժանութեան ազդեցութիւնը երեխաներու եւ դեռահասներու վրայ»
  • 2003 - «Երեխաներու եւ դեռահասներու յուզական եւ վարքային խանգարումները»
  • 2004 - «Ֆիզիքական եւ հոգեկան խանգարումներու փոխյարաբերութիւնը»
  • 2005 - «Ֆիզիքական եւ հոգեկան խանգարումները անձի կեանքի ընթացքին»
  • 2006 - «Հոգեկան առողջութիւն եւ ինքնասպանութիւն»
  • 2007 - «Հոգեկան առողջութիւնը փոփոխութեան ենթարկուող աշխարհին մէջ. մշակոյթի եւ մշակութային տարբերութիւններու դերը»
  • 2008 - «Հոգեկան առողջութիւնը դարձնենք համաշխարհային գերակայութիւն, ընդլայնենք քաղաքացիական պատասխանատուութիւնը եւ աշխոյժ կենսագործունէութիւն լուսաբանող ծառայութիւններու թիւը»
  • 2009 - «Հոգեկան առողջութեան պահպանութիւնը առաջին բուժօգնութեան համակարգէն ներս, բուժման բարելաւում եւ հոգեկան առողջութեան աջակցութիւն»
  • 2010 - «Չկայ առողջութիւն առանց հոգեկան առողջութեան»
  • 2011 - «Ներդրումները հոգեկան առողջութեան ոլորտէն ներս»
  • 2012 - «Ընկճուածութիւն․ ընդհանուր ճգնաժամ»
  • 2013 - «Հոգեկան առողջութիւն եւ հասունութիւն»
  • 2014 - «Կեանքը շիզոֆրենիայով»
  • 2015 - «Հոգեկան առողջութիւնը եւ անձի արժանապատուութիւնը»

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Jenkins Rachel, Lynne Friedli, Andrew McCulloch, Camilla Parker (2002)։ Developing a National Mental Health Policy։ Psychology Press։ էջ 65։ ISBN 1-84169-295-6 (անգլերէն)
  2. «World Mental Health Day»։ Mental Health in Family Medicine 7 (1): 59–60։ 2010  (անգլերէն)
  3. World Mental Health Day 2016: Psychological first aid(անգլերէն)<

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]