Հմայեակ Ազատեան
Հմայեակ Ազատեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1866 |
Ծննդավայր | Ապուչեխ, Ակն |
Մահացած է | 1934 |
Մահուան վայր | Գահիրէ, Եգիպտոս |
Մասնագիտութիւն | թատերագիր |
Հմայեակ Ազատեան (1866, Ապուչեխ, Ակն - 1934, Գահիրէ, Եգիպտոս), հանրային գործիչ, թատերագիր։
Ծնած է 1866-ին Ակնայ Ապուշէխ գիւղը, տեղւոյն Վարագայ վարժարանը աւարտելէ վերջ, շատ կանուխէն նետուած է հանրային ազգային ծառայութեանց մէջ:
1880-ական թուականներուն Հ. Ազատեանի նախաձեռութեամբ թատերական կեանք ստեղծուած է Ակնայ մէջ, հրատարակած է մէկէ աւէլի խմորատիպ հանդէսներ: Դերասանի եւ բեմբացացի յատկութիւններէ զատ օժտուած էր նկարչական ձիրքով: 1890-ական թուականներուն Պոլիս գալով ատեն մը զբաղած է լուսանկարչութեամբ, ետքը մեկնած է Աթէնք եւ հոն ամուսնացած: Տեղեակ էր յունարէն լեզուի: Աթէնքի մէջ հրատարակած է Ապտակ (1894) եւ Միութիւն (1896) պարբերաթերթերը: 1908-ին ընտանիքով կը հաստատուի Գահիրէ, ուր աշխատակցած է տեղական թերթերու, գրական եւ երգիծական յօդուածներով:
1918-ին լոյս ընծայած է Բաբելոն թատերախաղը, որ առաջին մրցանակի արժանացած է: Այս թատերախաղին գլխաւոր յատկանիշը այն է որ իւրաքանչիւր դերակատար զատ զատ գաւառաբարբառներով կ՛արտայայտուի եւ այդ խառնակութենէն ստացած է Բաբելոն անունը: Գրած է ուրիշ թատերական երկեր եւս ինչպէս Ակնայ Թշուառները, Ակնայ Հարսնիքը, Արշակ Բ. եւ Թութախ Ամուն թատերախաղերը։ Վերջինը անգլերնի թարգմանուած եւ ներկայացուած է Ամերիկեան ընկերութեան մը շարժանկարի վերածելու համար։ Կը գրէ Կոչնակ 1934-ին:
Ազատեան համեստ եւ ամրասիր ազգային գործիչ մը եղած է: Գահիրէի մէջ վերջին տարիները կը պաշտօնավարէր «Գօտաք» հաստատութեան մէջ։ Հոն վախճանեցաւ 1934-ին:
Հմայեակ Ազատեանի Յովհաննէս եղբօր դուստրն է Օր. Արուս Ազատեան, իսկ Մարտիրոս եղբօր զաւակն է Թորոս Ազատեան: (Ազ.Թ.):
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Հանրագիտակ, Հայր Մկրտիչ Վարդ․ Պոտուրեան, Ա․ Հատոր, 1938 Պուքրէշ, էջ 41։