Jump to content

Հին Յունաստանի ճարտարապետութիւն

Հին Յունաստանի ճարտարապետութիւն, ճարտարապետութիւն, որ զարգացուած է յունարէն խօսող ժողովուրդի (հելեններու) կողմէ, որոնց մշակոյթը ծաղկած է մայրցամաքային Յունաստանի մէջ եւ Փելոպոնէս թերակղզիին, Էժէեան կղզիներու, Անաթոլիայի եւ Իտալիայի յունական գաղութներուն մէջ ք.ա. 900-էն մինչեւ ք.ե. առաջին դարու ժամանակաշրջանին, որոնցմէ մեզի հասած ամէնահին ճարտարապետական շինութիւնները թուագրուած են ք.ա. 600 թուականով։[1]

Հին յունական ճարտարապետութիւնը աւելի յայտնի է իր տաճարներով, որոնցմէ շատերը հիմնականօրէն աւերուած են, բայց ձեւափոխութիւններ չեն կրեր։ Երկրորդ յիշարժան կառոյցը, որ հասած է մեզի, հելենիստական աշխարհի բացօթեայ թատրոնն է, որ թուագրուած է ք.ա. 350 թուականով։ Այլ ճարտարապետական կառոյցներու տեսակներուն կը վերաբերին Փրոփիլէյ շքամուտքը, սիւներով շրջափակուած (սթոա) Ակորա հրապարակը, քաղաքային խորհուրդի շէնքը (պուլեթերիոն), քաղաքային յուշարձանը, յուշարձանային դամբարանը եւ մարզադաշտը:

Հին յունական ճարտարապետութիւնը իւրայատուկ է իր լաւ ձեւաւորուած յատկանիշներով՝ կառոյցով եւ զարդարանքով։ Ան յատկապէս ճիշդ է տաճարներու համար, ուր իւրաքանչիւր կառոյց մտածուած էր որպէս լանտշաֆթի քանդակագործական տարր, որ յաճախ բարձունքներու վրայ էր եւ վերջինիս համաչափութիւններու գեղեցկութիւնը հնարաւորութիւն կը հանդիսանար շինութեան բոլոր կողմերէն։[2] Նիքոլաս Պեւսները ըսած է. «Յունական տաճարի ձեւակերտը մեր առջեւ կը բանայ աւելի բուռն, աւելի կենդանի կառոյցի տեսք, քան որեւէ աւելի ուշ ժամանակաշրջանի կառոյց»:[3]

Հին Յունաստանի ճարտարապետական ոճը կը բաժնուի երեք ճիւղերու՝տորիական սիւնակայգ, իրոնիքական սիւնակարգ եւ քորինֆական սիւնակարգ, որոնք հիմնարար ազդեցութիւն ունին արեւմտեան ճարտարապետութեան աւելի ուշ ժամանակաշրջաններու վրայ։ Հին հռոմէական ճարտարապետութիւնը զարգացած է յունականի հիմքով եւ անոր ազդեցութիւնը մինչեւ այսօր նկատելի է։ Վերածնունդի ճարտարապետութենէն քլասիցիզմի անցնելէն ոչ միայն պահպանած են յունական ճարտարապետական ճշգրիտ ձեւերն ու սիւնակարգերը, այլեւ պահպանուած են ճարտարապետական գեղեցկութեան հասկացութիւնը եւ համաչափութիւնը։ Ճարտարապետական ոճերէն յաջողած Նէոդասական ճարտարապետութիւնը եւ յունական վերածնունդի ճարտարապետութիւնը սերտօրէն կապուած են հին յունական ճարտարապետութեան հետ։

Հին Յունաստանի ճարտարապետութեան շինութիւններու վերականգման կամ վերակառուցման համար ժամանակակից արուեստագիտութիւնները, ներառեալ 3D եւ իսկական կաղապարումը, մեծ հեռանկար կը բանան։[4]

Ազդեցութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յունաստանի ցամաքային եւ կղզիական մասերը ժայռոտ են՝ խոր կտրատուած ափերով եւ լեռնային բարձունքներով, որոնցմէ մէկ քանին անտառապատ են։ Կառոյցներուն համար ամէնահասանելի շինութիւնները քարն է։ Կրաքարը տարածուած էր եւ հեշտօրէն կը մշակուէր։[5] Առատ էր նաեւ սպիտակ մարմարը, որ կարելի էր գտնել ե՛ւ ցամաքի վրայ, ե՛ւ կղզիներուն մէջ, մասնաւորապէս Փարոսի եւ Նեկսոսի: Այս քարերը մանրահատիկ կառուցուածք ունէին եւ կարելի էր շատ ճշգրիտ դետալներ սարքել ե՛ւ ճարտարապետական, ե՛ւ քանդակագործական ոլորտին մէջ։ Անոր համար ալ անով զարդարուած էր հին Յունասատանի ճարտարապետութիւնը։[6] Կաւի մեծ պաշարներ գտնուած են Յունաստանի ամբողջ տարածքին եւ կղզիներուն մէջ, իսկ ամէնամեծ պաշարները Աթէնքի մօտակայքին մէջ էր[7]։

Յունաստանի կլիման ծովային է՝ ցուրտ ձմեռներով եւ բորբ ամառով։ Ան շինեց բազմաթիւ բացօթեայ կառոյցներ, ուր միջոցառումները յաճախակի էին։ Հետեւաբար տաճարները կառուցուած են բարձունքներու վրայ։ Տաճարները կը կառուցուէին այնպէս, որ անով մարդիկ հաւաքուին։ Սիւնաշարերը, որ կը շրջապատէին կառոյցները կամ բակերը, հիմնականօրէն նպատակ ունէին պաշտպանել արեւէն կամ ալ յանկարծակի ձմեռնային փոթորիկներէն։[6]

Ռամնուսի ժայռային ծովեզերքը, Աթիքա
Թատրոնը եւ Ափոլոնի տաճարը Դելֆիի մէջ
Աքրոփոլիսը Աթենքի մէջ, քաղաքէն բաւականին բարձր, բնական ժայռաբարձունքին
Էժէյեան կղզիները Սունիոն արշիպելակէն

Պատմաբանները հին յունական քաղաքակրթութիւնը կը բաժնեն 2 ժամանակաշրջանի՝ հելենիք ժամանակաշրջան (մօտ մ.թ.ա. 900 թուականէն մինչեւ մ.թ.ա. 323 թուական՝ Ալեքսանդր Մեծի մահը) եւ հելենիստական ժամանակաշրջան (մ.թ.ա. 323 թուականէն մինչեւ մ.թ. 30 թուական)։ Հելենիկ ժամանակաշրջանի նշանակալի ճարտարապետական կառոյցներ սկսան յայտուիլ (մօտ մ.թ.ա. 600 թուական)։ Հելենիստական ժամանակաշրջանին յունական մշակոյթը լայնօրէն տարածուեցաւ՝ սկիզբը Ալեքսանդրի նուաճումներուն պատճառով, իսկ այնուհետեւ հռոմէական կայսրութեան պատճառով, որ յունական մշակոյթէն շատ տարրեր որդեգրեց։

Հելենիկ ժամանակաշրջանէն առաջ Յունաստանի մէջ դոմինանտ էին երկու խոշոր մշակոյթներ՝ մինոսեան (մ.թ.ա. 2800–1100) եւ միկենեան (մ.թ.ա. 1500–1100)։ Մինոսեան անուանումը ժամանակակից պատմաբաններու կողմէ տրուած է հին Կրետէի բնակիչներու մշակոյթին, որ յայտնի է իր բարդ եւ հարուստ զարդարանքներ ունեցող պալատներով եւ որու կերամիքան ներկուած է ծաղկային եւ ծովային մոթիվներով։ Միկենեան մշակոյթը ծաղկած է Պելոպոնեսի մէջ եւ լրիւ այլ բնոյթ կրած է։ Անոր բնակիչները կառուցած են միջնաբերդեր, ամրոցներ եւ դամբարաններ, այլ ոչ թէ պալատներ։ Իսկ կերամիքան պատած են զինուորներու պատկերներով եւ ո՛չ թէ ութոտիկներով եւ ջրիմուռներով։ Երկու քաղաքակրթութիւններն ալ իրենց վախճանները ունեցած են մ.թ.ա. 1100 թուականին։ Կրետէի քաղաքակրթութեան վախճանը հնարաւոր է, որ հանդիսացած է հրաբուխի ժայթքումը, իսկ միկենեան քաղաքակրթութիւնը կործանուած է դորիան ժողովուրդի յարձակումներէն, որոնք կ'ապրէին ցամաքային Յունաստանի մէջ։ Այդ քաղաքակրթութենէն յետոյ եկաւ ժամանակաշրջան մը, ուր մշակոյթի զարգացում չէ նշմարուած։ Այդ ժամանակաշրջանը կ'անուանեն «խաւարի ժամանակաշրջան»։

Դորիաններու կողմէ հիմնուած քաղաքները սկիզբը կը կառավարուէին արիսդոքրատներու կողմէ եւ աւելի ուշ կը կառավարուէր բռնակալներու կողմէ, որոնք մեծցած էին առեւտրականներու եւ զինուորներու դասերու մէջ։ Որոշ քաղաքներու մէջ, օրինակ Սպարտայի մէջ, կը գործէր կառավարման խիստ կանոնաւոր եւ պահպանողական բնոյթ՝ ինչպէս եւ Միքենայի մէջ։ Աթէնքի մշակոյթը միւս կողմէ ազդեցութիւն կրած է Փոքր Ասիայի եոլիանեան ժողովուրդէն։ Մշակութային բազմազանութեան արդիւնքով Աթէնքի մէջ զարգացաւ տրամաբանութիւնը, իսկ անոր հետ ալ ժողովրդավարութիւնը։

Սեւ պատկերներ Ամֆորայի վրայ։ Անթլանթացի նկարիչը (ք.ա. 500-490 թթ.) կը ներկայացնէ համաչափութիւններ եւ ոճ, որ հատուկ է հին յունական արուեստին
Քրեթոսցի տղայ (ք.ա. 480): Կը խորհրդանշէ ազատ կանգնած ձեւի աւանդոյթը








Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Boardman, Dorig, Fuchs and Hirmer
  2. Helen Gardner, pp. 126-132
  3. Nikolaus Pevsner, An Outline of European Architecture, p. 19
  4. Athanasios Sideris, pp. 159-170.
  5. John Boardman, pp. 10-14
  6. 1 2 Banister Fletcher pp. 89-91
  7. Higgins, chapter 3
  8. (հայերեն) Հին Հունաստանի ճարտարապետություն, 2024-01-26, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%80%D5%AB%D5%B6_%D5%80%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%A1%D5%BD%D5%BF%D5%A1%D5%B6%D5%AB_%D5%B3%D5%A1%D6%80%D5%BF%D5%A1%D6%80%D5%A1%D5%BA%D5%A5%D5%BF%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6&oldid=9054038, վերցված է 2025-06-24