Հերմոն Արաքս
Հերմոն Արաքս | |
---|---|
Ծննդավայր | Պոլիս |
Աշխատավայր | «Ժամանակ», «Այսօր», «Նոր Օր», «Մարմարա», «Հանդէս Մշակոյթի», «Սուրբ Փրկիչ» |
Հերմոն Արաքս, ծնած է Պոլիս։ Նախակրթութիւնը ստացած է էսաեան վարժարանի, եւ երկրորդական ուսումը՝ Կեդրոնական լիսէի մէջ։ 1952 թուականին աւարտած է Իսթանպուլի Համալսարանի բժշկական ճիւղը։
Որպէս պահեստի սպայ Կեսարիոյ մէջ պաշտօնավարելէ ետք, վեց տարի յօժարակամ մնացած է նոյն քաղաքին մէջ, իր ասպարէզը ի գործ դնելով։ 1957 թուականին ամուսնացած է Ռիթա Համամճեանի հետ, եւ 1958 թուականին հայր դարձած՝ Րաֆֆիին։
Տօքթ. Հ. Արաքս 1959 թուականին Պոլիս վերադառնալով, 1963 թուականին վկայուած է որպէս ներքին հիւանդութեանց մասնագէտ։ Իսկ 1972 թուականին աւարտած է համալսարանին սրտարանութեան բաժինը, պատրաստելով սրտի եւ երակային հիւանդութեանց մասնագիտութեան թէզը։
1976 թուականին մասնակցած է Ամսթերտամի մէջ կայացած Եւրոպայի Սրտաբանութեան 7-րդ համագումարին եւ անձամբ ներկայացուցած է իր թէզին ամփոփումը, Պոլսոյ սրտաբանութեան ֆաքիւլշէի անունով։
1943 թուականէն սկսեալ աշխատակցած է «Ժամանակ», «Այսօր», «Նոր Օր», «Մարմարա», «Հանդէս Մշակոյթի», «Ս. Փրկիչ» թերթերուն, պարբերաթերթերուն եւ «Երջանիկ» տարեգիրքին, ստորագրելով շուրջ երկու հարիւր յօդուածներ ընկերային եւ բժշկական նիւթերու մասին եւ 12 պատմուածքներ։
Պատմուածքներու այն շարքը որ «Էջեր Բժիշկի Մը Օրագրէն» խորագիրը կը կրէ, ներշնչուած է Ռուբէն Սեւակէն, եւ կը ձգտի բժշկական փորձառութիւնները պատմուածքի ձեւով ներկայացնել։
Էսաեան եւ Կեդրոնական Սանուց Միութեանց մէջ 15 տարի ստանձնած է Գրական եւ Գիտական եւ Յանձնախումբերուն ատենապետութեան պաշտօնը եւ տուած՝ շարք մը բանախօսութիւններ, որոնք հետագային լոյս տեսած են թերթերու մէջ[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։