Jump to content

Հարաւային Հոլանտա

Բնակավայր
Հարաւային Հոլանտա
հոլ.՝ Zuid-Holland
Դրօշակ Զինանշան

Երկիր  Հոլանտա[1]
Ներքին բաժանում Ալպլասերտամ, Ալպրանտսուարտ, Ալֆեն սիւր լէօ Ռայն, Պարենտրեխդ, Պոտեկրաւեն Ռեուիճք, Voorne aan Zee?, Քափել ան տեն Իսել, Տելգդ, Տորտրեխդ, Կոերէ-Օվըրֆլաքէ, Կորինխեմ, Կուտա, Հարտինքսվելդ-Կիսընտամ, Հենդրիք-Իտօ-Ամպախդ, հիլկոմ, Քակ էն Պրասեմ, Քաթուիճք, Քրիմփըն ան տեն էյսըլ, Լանսինկերլանտ, Լէյտըն, Լէյտըրտորփ, Լէյտշեհընտամ-Վորպուրկ, Լիսէ, Մաասլուիս, Միտըն-Տելֆլանտ, Նիուքոփ, Նորտուիք, Օկսթկեսթ, Փափենտրեխդ, Փիճնաքեր-Նոդտորփ, Ռիտըրքերք, Ռիճսուիճք, Ռոթըրտամ, Սխիտամ, Սլիետրեխդ, Թէյլինկեն, Վլաարտինկեն, Վորսխոդըն, Ուատինքսվին, Ուասենաար, Ուեսթլանտ, Զոյդերմեէր, Զոյթերուտէ, Զիւտփլաս, Զուիճընտրեխդ, Նիսեուարտ, Քրիմփեներուարտ, Հոյքշէ Ուարտ, Մոլենլանտըն, Հաագա, Նորտուիճքըրհութ, Օուտ-Պքյճըրլանտ, Պինենմաաս, Քորենտիճք, Քրոմսթրայեն, Սթրայեն, Խիսընլանտեն, Մոլենուարտ, Պերնիսէ, Սփայքենիսէ, Պերղամպախդ, Նետըրլեկ, Օուդըրքերք, Շխոնհովըն, Վլիսթ, Պոսքոփ, Ռայնուտէ, Տիրքսլանտ, Ղոյտերիտէ, Միտելհարնիս, Օուստֆլաքի, Կրաֆսթորմ, Լիսվելտ, նիու-Լեգըրլանտ, Ռոզընպուրկ, Պոտեղրավըն, Ռեյվայք, Մօրտրեխդ, Նիուըրքերք ան տեն Այսըլ, Զէյվհասըն-Միւրքափելէ, ԱԱլքմատէ, Եաքոպսվաուտէ, Պերքսքհուք, Պերքըլ էն Ռոտըրայս, Պլէյսուայք, Սհավընտիլ, Լիմիըր, Թեր Աար, Ռայնսպըրկ, Վանքըլպըրկ, Ուարմոնտ, Սասենհայմ, Վորհութ, Սհավընզանտը, Տէ Լիըր, Մօնսթըր, Նաալտուայք, Ուաթերինխն, Մաասլանտ, Սխիփլաունտըն, Հէերեաստամ, Նոթտորփ, Փայնաքըր, Լէյտսխընտամ, Վուրպըրկ, Լիրտամ, Զէյտըրիք, Վիանեն, Պրիէլ, Ուեսթվորնէ եւ Հելեվոյցլիուս
King's Commissioner of South Holland? Եափ Սմիթ
Հիմնադրուած է՝ 1840
Տարածութիւն 3418,5±0,01 քմ²
Բնակչութիւն 3 577 032 մարդ (31 Դեկտեմբեր 2013)[2]
Ժամային գօտի UTC+1
Շրջագայութեան պետ-համարագիր H, HZ, HX
Անուանուած է Հոլանտա
Պաշտօնական կայքէջ zuid-holland.nl(նէտեր.)
Աւստրական Հոլանտան՝ 1789-ին

Հարաւային Հոլանտա (հոլ.՝ Zuidelijke Nederlanden, ֆր.՝ Pays-Bas méridionaux կամ Pays-Bas du Sud), պատմական Հոլանտայի հարաւային մասը, որ ԺԶ. դարուն կը գտնուէր սպանական Հապսպուր թագաւորութեան տիրապետութեան տակ եւ կը կոչուէր Սպանական Հոլանտա։ 1713-էն մինչեւ 1794 տարածքը կը գտնուէր աւստրիական Հապսպուրկներու տիրապետութեան տակ եւ կը կոչուէր Աւստրիական Հոլանտա[3]:

Անուանումը յայտնուած է 1581-ին, երբ հրամանատար Ալեքսանտրօ Ֆարնեզէ կը յաջողի պահպանել Սպանիոյ թագը Հոլանտայի հարաւային (գլխաւորաբար կաթողիկէ) նահագներուն մէջ, որոնք Հոլանտայի Յեղափոխութեան ընթացքին կ'ապստամբին Ֆիլիփ Բ. թագաւորին դէմ, իսկ աւետարանական հիւսիսային նահանգները մաս կը կազմեն Հոլանտայի Հանրապետութեան[4]:

Հարաւային Հոլանտայի մայրաքաղաքը Պրիւքսէլն է: Աւստրական Հոլանտայի տարածքին մէջ կը մտնէին հետեւեալ տարածքները՝

  • Արթուրի կոմսութիւն, Քամպրէ քաղաքով,
  • Ֆլանտլիայի կոմսութիւն, Թուրնէ քաղաքով,
  • Լիւքսենպուրկի դքսութիւն,
  • Լիմպուրկի դքսութիւն,
  • Յեննեկաուի կոմսութիւն,
  • Նամիւր կոմսութիւն,
  • Մեհելէն կոմսութիւն,
  • Պրապանտի դքսութիւն,
  • Կելտերլանտի դքսութիւն։

Սպանական Հապսպուրկներու ճնշումներէն եւ սպանական ժառանգութեան համար պատերազմէն ետք, 1713-ին Ուտրեխտի խաղաղութեան պայմանագիրով հարաւային գաւառները կ'անցնին Ս. Հռոմէական կայսրութեան իշխանութեան տակ: Սակայն, տարածքին բնակչութիւնը գոհ չմնալով ստեղծուած նոր վիճակէն, 1789-1790 թուականներուն կ'ապստամբի աւստրիական ղեկավարներուն դէմ։ Յունուար 1790-ին կը ստեղծուի Պելճիքայի միացեալ նահանգները, որ կը գոյատեւէ մինչեւ նոյն տարուան Դեկտեմբերը: 1794-ին յեղափոխական պատերազմին ժամանակ Հարաւային Հոլանտա կը միանայ Ֆրանսայի, եւ կը բաժնուի 9 տարածքներու ու այդ կարգավիճակով կը մնայ մինչեւ 1815: 1815-ին Վիեննայի համաժողովին Հարաւային Հոլանտան ու Հիւսիսային Հոլանտան կը միաւորուին եւ կը ստեղծուի Հոլանտայի Միաւորուած Թագաւորութիւնը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]