Հասկեր (ամսագիր)
«Հասկեր», հայկական մանկական պատկերազարդ ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1905-1917, 1922-ին, Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիր-հրատարակողներ՝ Կ. Լիսիցեան, Ս. Լիսիցեան։ Խմբագրութեան աշխատանքներուն մասնակցած են Յակոբ Աղաբաբը, Դերենիկ Դեմիրճեան, Ս. Սահակեան, Ս. Քափանակեան, Ա. Գուլոյեան (Սէյրին) եւ ուրիշներ։
Տպագրած է հեքիաթներ, լեգենդներ, առակներ, բնութեան երեւույթները բացատրող գիտահանրամատչելի ակնարկներ ու զրոյցներ։ Մանկավարժական բաժինը, որուն աշխատակցած են Հ. Տէր-Միրաքեան, Տ. Ռաշմաճեան, Ի. Յարութիւնեան, լուսաբանած է երեխաներու գեղագիտական, ֆիզիկական դաստիարակութեան հարցեր։ Գրակա-գեղագիտական բաժնին մէջ տեղ գտած են Յովհաննէս Թումանեանի, Աթաբեկ Խնկոյեանի, Հ. Հայրապետեանի, Հ. Աղաբաբի մանկական ստեղծագործութիւնները։ Նախադպրոցական տարիքի երեխաներուն հասցէագրուած «Մարիամ տատի տոպրակից», «Մարիամ տատի հեքիաթները» խորագրերով հրատարակած է պատմութիւններու եւ զրոյցներու շարքը։ Թարգմանաբար ներկայացուցած է ռուսական մանկական գրականութիւն։ «Մանկավարժական գրադարան» խորագրով, որպէս յաւելուած, լոյս ընծայած է մասնագիտական գրականութիւն։ «Հասկեր» կարեւոր տեղ կը գրաւէ հայկական մանկական պարբերականներու շարքին։
Հանդէսը մանուկներուն ծանօթացուցած է նշանաւոր մարդոց կեանքին ու գործունէութեան, հայ ժողովուրդի ծագման եւ ձեւաւորման պատմութեան, երեխաներու մէջ սերմանած է մարդկային բարձր արժէքներ՝ սէր հայրենիքի ու հայրենի բնաշխարհի նկատմամբ, քաջութիւն, ազնուութիւն, բարութիւն։ «Հասկեր»ի մէջ նախադպրոցական տարիքի երեխաներու համար տպագրուած են «Մարիամ տատի տոպրակից», «Մարիամ տատի հեքիաթները» խորագրերով պատմութիւններու ու զրոյցներու շարքեր։ «Զուարճալիք», «Այլ եւ այլք», «Դէսից դէնից» բաժիններուն մէջ զետեղուած են հանելուկներ, մանկական խաղեր, շուտասելուկներ, խմբերգերու բնագիրներ, որոնք պատրաստած են մշակութային եւ հասարակական գործիչ Մարիամ Թումանեան, գրող եւ մանկավարժ Հ. Աղաբաբը։ Հանդէսի նիւթերու պատրաստման մասնակցած են նաեւ երեխաներ։ Անոնց հեղինակած նիւթերը տեղ գտած են «Իմ հասկերը» բաժնին մէջ, որ վարած է գեղանկարիչ Գէորգ Բաշինջաղեան։ Առանձին բաժնի մէջ տպագրուած են մանկավարժութեան, մատաղ սերունդի բարոյական եւ գեղագիտական դաստիարակութեան, ֆիզիկական զարգացման վերաբերող յօդուածներ։ Որպէս յաւելուած՝ ամսագիրը հրատարակած է «Մանկավարժական գրադարան» մատենաշարով գիրքեր՝ նուիրուած մանկական հոգեբանութեան եւ դաստիարակութեան։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։ |