Հանրաքուէ
Հանրաքուէ (լատ.՝ referendum — այն, որ պէտք է հաղորդուի), համապետական, տարածաշրջանային կամ տեղական նշանակութեան հարցերու վերաբերեալ՝ հանրաքուէի մասնակիցներու քուէարկութեան ձեւով ազատ կամարտայայտման միջոց։ Հանրաքուէի արդիւնքով կրնայ նաեւ նոր օրէնք ընդունուիլ։ Յայտնի է նաեւ «հանրաքուէ» անուամբ։ Հանրաքուէի որոշ բնորոշումներ այն կը բնութագրեն իբրեւ քուէարկութեան եղանակ՝ երկրի սահմանադրութիւնը կամ կառավարութիւնը փոխելու համար[1]։ Որոշ այլ երկրներ հանրաքուէն այլ կերպ կը բնորոշեն։ Օրինակ՝ Աւստրալիայի մէջ հանրաքուէն կը բնորոշուի իբրեւ սահմանադրութիւնը փոխելու համար քուէարկութիւն[2]։ Իրլանտայի մէջ սահմանադրութեան ընդունման համար քուէարկութիւնը կը կոչուի «պլեբեսցիտ», բայց սահմանադրութեան բարեփոխման համար քուէարկութիւնը արդէն կը կոչուի «հանրաքուէ», նոյն անուամբ յայտնի են նաեւ «ընտրական քուէարկութիւն»ն ու «ոչ սահմանադրական օրինագիծի ընդունման համար քուէարկութիւն»ը։
Հանրաքուէի հասկացութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հանրաքուէն անմիջական ժողովրդավարութեան կարեւորագոյն հաստատութիւնն է եւ ժողովուրդի անմիջական իրաւաստեղծ գործունէութեան կառուցուածքը։ Ան պետութեան եւ իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար կարեւոր որոշումներու ընդունման գործընթացին մէջ հանրութեան մասնակցութեան ձեւերէն է։ Հանրաքուէի մասնակցի ընդունած որոշումը կ՚ազդէ գործընթացի արդիւնքի վրայ եւ պէտք է ամրապնդուի խնդրոյ առարկայ հարցի վերաբերեալ մասնակցի տեղեակ ըլլալով։ Հանրաքուէն (համաժողովրդական քուէարկութիւնը) ժողովուրդի կողմէ անմիջականօրէն իշխանութեան իրականացումն է՝ Սահմանադրութիւն ընդունելու կամ անով փոփոխութիւններ կատարելու, օրէնքներ ընդունելու, ինչպէս նաեւ պետական կեանքի կարեւորագոյն հարցերու վերաբերեալ հասարակական կարծիքը բացայայտելու եղանակով։ Հանրաքուէի անցկացման պայմանները եւ ընթացակարգը կը կարգաւորուին տուեալ երկրի Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով։ Հանրաքուէները կ՚ըլլան ժողովրդական, պետական կամ կիսովի նախաձեռնութեամբ։
Հանրաքուէներու դասակարգումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հանրաքուէները կը դասակարգուին ըստ կատարման աստիճանի եւ կ՚ըլլան՝
- համապետական,
- տարածքային,
- տեղական,
Ըստ անցկացման պարտադիր ըլլալու՝
- պարտադիր,
- հայեցողական,
Պարտադիր են այն հանրաքուէները, որոնց տեղի ունենալը տուեալ հարցի վերաբերեալ ուղղակիօրէն կը թելադրուի Սահմանադրութեամբ կամ օրէնքով, եւ հանրաքուէի դրուող նախագիծը ընդունուած համարելու համար անհրաժեշտ է «ԿՈՂՄ» ձայներու որոշակի քանակ։ Հայեցողական են այն հանրաքուէները, որոնց կատարումը Սահմանադրութեամբ կամ օրէնքով պարտադիր չէ եւ կախուած է իրաւասու մարմնի որոշումէն։
Ըստ հանրաքուէի դրուող հարցի՝
- Սահմանադրական (Սահմանադրութեան ընդունման կամ անով փոփոխութիւններ կատարելու վերաբերեալ).
- օրէնսդրական (Օրենքներու ընդունման կամ անով փոփոխութիւններ կամ լրացումներ կատարելու վերաբերեալ).
- այլ հարցերու վերաբերեալ։
Ըստ հանրաքուէի մասնակցի կամարտայայտման ձեւի՝
- հանրաքուէ (երբ հանրաքուէի մասնակիցը կրնայ առաջադրուող հարցին տալ միայն «ԱՅՈ» կամ «ՈՉ» (կամ «ԿՈՂՄ ԵՄ» կամ «ԴԷՄ ԵՄ») պատասխաններէն որեւէ մէկը)
- այլընտրանքային (երբ հանրաքուէի մասնակիցը կրնայ հաւանութիւն տալ առաջարկուող նախագիծերէն ոեւէ մէկուն)։
Հանրաքուէները պէտք է տարբերակել հասարակական կարծիքի լայնաչափ հարցումներէն (այսպէս կոչուած խորհրդատուական հանրաքուէներէն), որոնք թէեւ տեղի կ՚ունենան հանրաքուէին մօտ ձեւերով, սակայն իրաւաբանական ուժ չունին։ Հանրաքուէի նախաձեռնութեամբ կրնայ հանդէս գալ կեդրոնական իշխանութիւնը, հասարակութիւնը, դաշնային պետութիւններուն մէջ՝ նաեւ դաշնութեան էութիւնները։
Բառին ծագումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հանրաքուէն լատիներէն «refero» բառէն ծագած է, որ կը նշանակէ վերադարձնել, կազմուած է «fero»՝ բերել[3] արմատէն ու «re-» նախդիրէն որ այստեղ կը նշանակէ «հետ»[4]։ Անգլերէնին մէջ բառի օգտագործումը իբրեւ գոյական խստօրէն չի համապատասխաներ լատինական բառին, քերականական գործածութիւնը անգլիական է, ոչ թէ լատինական։ Անգլերէնին մէջ referendum֊ը կ՚արտայայտէ յոգնակի թիւը, այսինքն՝ կը նշանակէ հանրաքուէներ, սակայն գոյութիւն ունի յոգնակի թիւի «referenda» տարբերակը, որ կը համապատասխանէ ե՛ւ լատիներէնի, եւ անգլերէնի քերականութեան։
Ծագումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հանրաքուէն ծագած է Զուիցերիոյ Կրուպունտէն մարզին մէջ, 16֊րդ դարուն[5][6]։ Պլեբեսցիտ եզրը ունի այժմեան նշանակութեան մօտ իմաստ, ծագած է լատիներէն համանուն բառէն։ Այդպէս կը կոչուէր Պլեբիսի խորհուրդի՝ հռոմէական հանրապետութեան յայտնի ժողովը։ Կարգ մը երկիրներու մէջ հանրաքուէի փոխարէն պլեբիսցիտ եզրը կ՚օգտագործուի եւ անոնք հոմանիշներ են, այլ երկիրերու մէջ անոնց իմաստները տարբեր են։
Անհրաժեշտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փիլիսոփայական֊քաղաքական ընկալման տեսանկիւնէն հանրաքուէն անմիջական ժողովրդաիշխանութեան իրականացման եղանակներէն է։ Ժամանակակից աշխարհին մէջ հանրաքուէն կը կիրառուի ներկայացուցչական ժողովրդաիշխանութեան հետ մէկտեղ։ Ուստի անոնք սովորաբար կը կիրառուին ընտրողաբար՝ ներառելով այնպիսի հարցեր, ինչպիսին են ընտրական համակարգի փոփոխոթիւնները։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Plebiscite | Definition of Plebiscite by Lexico»։ Lexico Dictionaries | English (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-08-13-ին։ արտագրուած է՝ 2019-09-26
- ↑ «Antony Green»։ ABC News (անգլերեն)։ 2011-10-11։ արտագրուած է՝ 2019-09-26
- ↑ Marchant & Charles, Cassell's Latin Dictionary, 1928, p.221
- ↑ Marchant & Charles, Cassell's Latin Dictionary, 1928, p.469
- ↑ Barber, Benjamin R.. The Death of Communal Liberty: A History of Freedom in a Swiss Mountain Canton. Princeton University Press, 1974, p. 179.
- ↑ Vincent, J.M.. State and Federal Government in Switzerland, Johns Hopkins University Press, 2009, p. 122
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Irish Examiner article of 2015
- VoteBox(tm) Running Your Own UK Local Referendum
- Հատուածներ ՀՀ Սահմանադրութենէն Archived 2014-04-08 at the Wayback Machine.
|