Jump to content

Հանրային պարտէզ

Հանրային պարտէզ, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի ամենայայտնի պարտեզներէն։ կը գտնուի Պապ Ալ-Ֆարաճի շրջանին մէջ՝ քաղաքին կենդրոնը։

Դասական տեսքով, շատրուաններով, ծաղկանոցներով, երեխաներու յատուկ խաղավայրերով միջավայր մը, ուր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կ'այցելէ՝ վայելելու առողջարար օդ ու մտերմիկ մթնոլորտ։ Ուշագրաւ է յատկապէս մեծահասակներուն ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ պատանիներու եւ երիտասարդներու, որպէս հանդիպման կեդրոն (ընկերներու եւ բարեկամներու)։

Պարտէզը ունի տարբեր մուտքեր, յուշարձաններ, իսկ տարածքը 17 հեքթար է։

կեդրոն