Հայ Ժողովրդային Երաժշտութիւնը 9-13-րդ դարերուն
Հայ Ժողովրդային Երաժշտութիւնը, 9-13-րդ դարերուն հայ ժողովրդային երաժշտութիւնը մեծ վերելք ապրած է. զարգացած է քաղաքային երաժշտութիւնը եւ աւելի բարցաւաճած է գեղջկական արուեստը, որ դարերու ընթացքին պահպանած էր իր ինքնատիպ բնոյթը:
Պատմական այդ շրջանին երգերու ամէնէն տարածուած տեսակներն էին դիւցազներգական-պատմականը, քնարականը, ծիսականը, իսկ աշխատանքային երգերէն՝ հորովելները: Միջնադարեան Հայաստանի երաժշտական արուեստի ամենակատարեալ օրինակներէն է «Մոկաց Միրզա»-ն: Երգը կը պատմէ, թէ ինչպէս սելճուքները, չկարենալով յաղթել Մոկաց Միրզային, խաբէութեամբ կը թունաւորեն զինք:
9-10-րդ դարերէն սկսեալ ժողովրդային երաժշտութեան ազդեցութեան ծաղկման շրջան ապրած քաղաքային երաժշտութեան զարգացման ընթացքին ստեղծուած են տաղերը՝ քնարական կամ ողբերգական բնոյթի երգերը: Ի տարբերութիւն գեղջական երգերուն՝ քաղաքային տաղերը ունէին բարդ կառուցուածք եւ ձայնազարդելով հարուստ մեղեդի: միջնադարուն գեղարուեստական մեծ արժէք ներկայացնող տաղերէն է «Հաւիկ»-ը:
Միջնադարու ժողովրդային երաժշտութիւնը կարեւոր դեր կատարած է նաեւ գուսանական արուեստի եւ հոգեւոր երաժտութեան զարգացման մէջ:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Նարդուհի Էքիզեան-Մարքոսեան Պէյրութ-2017։