Հայ Աւետարանական Գոլէճ (Պէյրութ)
Հայ Աւետարանական Գոլէճ | |
---|---|
Տեսակ | քոլեջ? |
Հիմնադրուած է | 1923 |
Աշակերտներ |
1974-75-ին՝ 794 աշակերտ 2002-ին` 106 |
Երկիր | Լիբանան |
Տեղագրութիւն | Պէյրութ |
Հասցէ | Պէյրութի Քանթարի թաղամասի Մեքսիք փողոց |
Հայ Աւետարանական Գոլէճ, երկսեռ երկրորդական վարժարան։ Հիմնուած է 1923-ին։ Մինչեւ 1933-ը կոչուած է Հայ մանչերու աւետարանական բարձրագոյն վարժարան, 1933-50-ին՝ Հայուհեաց ամերիկեան վարժարանի հետ միանալէն յետոյ՝ Հայ աւետարանական երկսեռ բարձրագոյն վարժարան։ 1943-ից Պէյրութի հայ աւետարանական առաջին Եկեղեցոյ սեփականութիւնն է։
1952-ին փոխադրուած է այժմեան վայրը՝ Պէյրութի Քանթարի թաղամասի Մեքսիք փողոց։ 1961-էն կը հետեւի Լիբանանեան պաքալորիայի պետական ծրագրին։ 1971-ին օժտուած է սեփական, նորակառոյց «Եփրեմ Եւ Մարթա Փիլիպոսեան» շէնքով։ Առ այսօր տուած է աւելի քան 1500 շրջանաւարտ։ Մինչեւ 1975-ի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումը համարուած է Լիբանանի լաւագոյն հայկական դպրոցներէն։ 1974-75-ին ունեցած է 794 աշակերտ։ Պատերազմի տարիներուն մի քանի ենթարկուած է աւերածութեան։
Պէյրութի արեւմտեան, հիմնականը մահմետականաբնակ թաղամասի հայաթափման հետեւանքով զգալիօրէն նուազածէ աշակերտութեան թիւը։ 2002-ին ունէր միայն 106 աշակերտ։ Ոաման տեւողութիւնը 12 տարի է՝ նախակրթական, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններով։ Ունի մանկամսուր եւ մանկապարտէզ։ Դպրոցին մէջ կը գործեն աշակերտական ակումբներ, կը հրատարակուին աշակերտական շարք մը պարբերաթերթեր։ Ունի հարուստ գրադարան՝ շուրջ 20 հազար հատոր։ Տնօրէնն է Զաւէն Մսըրլեանը (1967-էն)։
Կիլիկիոյ աղիտալի պարպումէն ետք, գաղթականութեան շատ համեստ պայմաններու տակ, ուսումնասէր ու նպատակասլաց վերապրողներու ճիգերով հիմնադրուած է Հայ Աւետ. Գոլէճը, ներկայէն տարբեր անունի տակ, տարբեր վայրի մէջ՝ մինչեւ այսօրուան իր կայքը հաստատուիլը: 16 Հոկտեմբեր 1922-ին հիմնադրուած է Հայ Աւետ. երկրորդ նախակրթարանէն ծնունդ առած է Հայ Մանչերու Աւետ.Բարձրագոյն Վարժարանը, 1923-ին: Հանդիսանալով յետ եղեռնի Սփիւռքի առաջին հայ երկրորդական վարժարանը (High School). իր շրջանաւարտներուն առաջին հունձքը տուած է 1927-ին: 1930-1931 տարեշրջանին սկսած է գործել նախակրթարանի բաժինը, որ անջատ կայք ունէր մինչեւ 1951-1952 կրթական տարեշրջանի վախճանը: 1933- Հոկտեմբերին, Հայ Մանչերու Աւետ. Բարձրագոյն Վարժարանի եւ Հայուհեաց Ամերիկեան Վարժարանի միացումով կազմուած է Հայ Աւետ. Բարձրագոյն Վարժարանը, որ երկսեռ եղած է: Սոյն Վարժարանը տասնամեակ մը կառավարուած է Խնամակալ Մարմինի մը կողմէ, որ կը ներկայացնէր Պէյրութի Հայ Աւետարանական եկեղեցիները եւ Ամերիկեան Պորտ Միսիոնարական Ընկերակցութիւնը, իսկ 1943-ին, վարժարանը սեփականութիւնը դարձաւ Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցիին: Ֆրեշմէն եւ Սոֆոմոր կարգերու յաւելումով, դպրոցը 1950-ին կոչուեցաւ Հայ Աւետ. Գոլէճ: Գոլէճը իր այս դասարանները աստիճանաբար զիջեցաւ Հայկազեան Գոլէճին: Հայ Աւետ. Գոլէճը իր աշակերտները պատրաստեց Լիբանանեան Պետական Պաքալորիայի քննութիւններուն՝ 1960-1961-ին, հիմնելով Ա. Պաքալորիա դասարանը: Պէյրութի այլազան թաղերուն մէջ վարձու առնուած կամ սեփական շէնքերու մէջ գործած Հ.Ա.Գ.ը 1952-ին Հոկտեմբերին տեղափոխուած է Մեքսիք Փողոց, իր այժմու կայքը, եւ ի վեր-ջոյ քսանամեակ մը ետք, ունեցած է իր ներկայի եօթ յարկանի շէնքը: Շնորհիւ ազնիւ բարերարներու եւ նուիրատուներու, 1970-ի Յուլիսին կառուցումը սկսած է «Եփրեմ եւ Մարթա Փիլիպոսեան»ի անուան Հայ Աւետ. Գոլէճի շէնքը աւարտելով, սկսած է օգտագործուիլ 1971-1972 կրթական տարեշրջանին: 1975-1990-ի միջեւ, Լիբանանի քաղաքացիկան պատերազմի տարիներուն, քանիցս լուրջ վնասուածքներու ենթարկուեցաւ նորակառոյց շէնքը, այսուհանդերձ դպրոցը տոկաց, եւ այսօր ալ կը շարունակէ առաքելութիւնը: Հ.Ա.Գ.ը իր գոյութեան 94 տարիներուն ծառայած է ոչ միայն զայն հիմնող համայնքին, այլ նաեւ համայն լիբանանահայութիւն՝ առանց յարանուանական կամ գաղափարական խտրութեան: Հ.Ա.Գ.ի նպատակը եղած է «միանգամայն սատարել իր աշակերտներու մտային, բարոյական եւ հոգեւոր զարգացման»: Արդ առջադրութեամբ, ան ոչ միայն ուսում ջամբած է ուսումնատենչ հայ մանուկին ու պատանիին, այլ եւ կերտած է պարկեշտ նկարագրի տէր հայ քրիստոնեայ անհատներ: Փաստ՝ ազգին իր տուած աւելի քան 1575 շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիները, որոնցմէ շատեր պատուաբեր դիրքեր գրաւած են ու կը գրաւեն լիբանանահայ, սփիւրքահայ եւ հայրենի կեանքին մէջ: