Jump to content

Հայրենիք (թերթ, Թիֆլիս)

Հայրենիք, գրական, հասարակական, քաղաքական եւ տնտեսական օրաթերթ։ Լոյս տեսած է 1915-1918 թուականներուն, Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչներ՝ Ա. Մահտեսի-Յակոբեան, Ս. Թառայեան։ Ներկայացուցած է հայ ժողովուրդի ծանր կացութիւնը Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակաշրջանին, Արեւմտեան Հայաստանի եւ արեւմտահայ գաղթականներու վիճակը, կարեւոր տեղ յատկացուցած ազգային-ազատագրական պայքարին, անոր գործիչներու կեանքին ու գործունութեան։ Արծարծած է գրականութեան եւ արուեստի հարցեր, տպագրած գեղարուեստական գործեր, պատկերներ եւ այլ նիւթեր։ Մշտական թղթակիցներ ունեցած է Ռուսաստանի շարք մը վայրերու մէջ, Թուրքիոյ, Պարսկաստանի, եւրոպական երկիրներու, ԱՄՆ-ի մէջ եւ այլուր։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։