Jump to content

Հայկ Քիրազեան

Հայկ Քիրազեան
Ծնած է 1925
Ծննդավայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Մահացած է 23 Փետրուար 2020(2020-02-23)
Մահուան վայր Գահիրէ
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն լրագրող
Աշխատավայր AFP գործակալութեան եւ «Լը Մոնտ» օրաթերթի լրագրող

Հայկ Քիրազեան (Ժան Կեռաս) (ծնած է 1925 Գահիրէ- մահացած 23 փետրուար 2020 Գահիրէ, Եգիպտոս)[1] սփիւռքահայ յայտնի ու վաստակաշատ լրագրող: Այս վերջինը Միջին Արեւելքի մասնագէտ մըն էր։ Գիտէր ֆրանսերէն, անգլերէն, արաբերէն եւ հայերէն։

AFP գործակալութեան եւ «Լը Մոնտ» օրաթերթին աշխատակից

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, 1966 թուականէն սկսեալ տողավարձով լրագրութիւն ընել սկսած էր AFP գործակալութեան եւ «Լը Մոնտ» օրաթերթին համար։

1971 թուականին պաշտօնապէս միացած էր «Լը Մոնտ»ի խմբագրական կազմին։ Ամբողջ քսանհինգ տարի Միջին Արեւելքի բոլոր ճակատներէն լուսաբանումներ կատարած էր ֆրանսական այս հեղինակաւոր օրաթերթին համար։

Գործակիցները կը սիրէին զինքը անուանել՝ «Քիր»։

Տասնամեակներու ընթացքին թէ՛ դէպքերու վայրերէն եւ թէ Փարիզէն ամենայն բծախնդրութեամբ Հայկ Քիրազեան լուսաբանած էր կարեւորագոյն իրադարձութիւններ։ Ան ականատես եղած էր Նասըրի մահուան, Իսրայէլ-Պաղեստին կռիւներուն ու բանակցութիւններուն, Եմէնի քաղաքացիական պատերազմներուն, Լիբանանի պատերազմին, Իրանի իսլամական յեղափոխութեան, իսլամի քաղաքականացումին եւ այլն։

1991 թուականին հանգստեան կոչուելէ վերջ Հայկ Քիրազեան շարունակած էր աշխատակցիլ «Լը Մոնտ Տիփլոմաթիք» թերթին։

Ան 2009 թուականին Հայկ Քիրազեան իր խորհուրդներով աջակցութիւն ցուցաբերած էր նաեւ «Նոր Յառաջ» թերթի հիմնադրութեան։

ԼՐԱԳՐՈՂ ՀԱՅԿ ՔԻՐԱԶԵԱՆԻ[permanent dead link]

ԼՐԱԳՐՈՂ ՀԱՅԿ ՔԻՐԱԶԵԱՆԻ[permanent dead link]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]