Jump to content

Հայկազն Եագուպեան


Ծնած է 1865
Ծննդավայր Կեսարիա
Մահացած է 1915

Եագուպեան Հայկազն (1865, Կեսարիա - 1915 (տարագրութեան մէջ)), հայ ուսուցիչ:

Որդին էր վեր. Քերոբէ Եագուպեանի: Նախակրթութիւնը ծննդավայրին մէջ ստանալէ յետոյ 1879-ին կը մտնէ Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճը, որուն շրջանը աւարտած է 1883-ին եւ դառնալով Կեսարիա՝ նոյն տարին հիմը դրած է Հայ-Բողոքականներու Արգէոս Բարձրագոյն Վարժարանին եւ տերուէ տարի մէկ դասարան աւելցնելով՝ 1887-ին տուած է իր առաջին ընթացաւարտները: 1887-ին հետեւած է Պէյրութի բժշկական համալսարանին, որուն ընթացքին 2 ու կէս տարի հետեւելէ ետք ստիպուած է կիսահատ թողուլ առողջական պատճառներով եւ դառնալ Կեսարիա, ուր տարի մը հանգիստ ընելէ վերջ՝ կազդուրուած 1891-ին վերստին կը ստանձնէ Արգէոս Բարձր. Վարժարանին ուսուցչապետութիւնը: 1903-1906 Պրուսա կ’երթայ ուսուցչական պաշտօնով եւ 1901-1911-ին դարձեալ Կեսարիոյ մէջ Արգէոս Բարձր.Վարժարանին ուսուցչապետ կ’ըլլայ: 1911-ին կը ստանձնէ Աւետերականներու դպրոցին տնօրէնութիւնը որ մինչեւ 1915 կը շարունակէ, միեւնոյն գիտութեանց դասերը ստանձնելով Միացեալ Ուսումնարանի մէջ:

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 641:
  • Հայ Կեսարիա, Ալպօյաճեան, էջ 1186: