Հայերու ներկայութիւնը Կորնթոս

Կորնթոսի ջրանցքը

Հայերու ներկայութիւնը Կորնթոս․ հայերու ներկայութիւնը Կորնթոսի մէջ կը սկսի 1891-ին երբ արեւմտեան Հայաստանի գաւառներէն, մասնաւորաբար Տարօնի Մուշ քաղաքէն հասած հայ բանուորներ կը մասնակցին Կորնթոսի Ջրանցքին բացման աշխատանքներուն։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կորնթոսի ջրանցքին բացման աշխատանքները․ նկար 1890-91

1891 թուականին, Կորնթոսի Ջրանցքին կառուցման աշխատանքներուն կը մասնակցին նաեւ 2 000 հայեր, որոնք կը հասնին արեւմտեան Հայաստանի գաւառներէն, գլխաւորաբար Մուշ քաղաքէն։ Կառուցման աշխատանքներու լրումէն ետք, անոնցմէ շատեր կը հաստատուին շրջանին մէջ։

Նոյն թուականին Յուլիսին, հայ բանուորները Աթէնք կու գան մասնակցելու Աթէնքի մէջ կայացած հայրենասիրական առաջին ձեռնարկին։

1922 թուականին, Փոքր Ասիոյ Աղետէն փրկուած մօտաւորապէս  8․000 որբեր, մարդասիրական կազմակերպութիւններու միջոցաւ Յունաստան կը փոխադրուին։  Այս որբերը նախապէս պատսպարուած էին Թուրքիոյ տարածքին որբանոցներու մէջ։  Յունաստան կը խնամուին հաստատութիւններու մէջ։  Անոնցմէ գլխաւորներն են՝ Սիրոսի, Կորնթոսի եւ Քերքիրայի (Քորֆու) որբանոցները։

Կորնթոսի որբանոցին մէջ կը խնամուին 1․670 հայ որբեր։  1927 թուականին, այս որբանոցներուն մեծամասնութիւնը այլեւս չի գործեր։  Որբերէն մաս մը, որոնք արդէն հասակ նետած են կը փոխադրուին Մակետոնիոյ հայահոծ շրջանը հողագործութեամբ զբաղելու համար, իսկ ուրիշ որբեր տնտեսական դժուարութիւններու պատճառով կը մեկնին (ներգաղթ) դէպի Սովետական Հայաստան եւ (արտագաղթ) Ֆրանսա։  Ամերիկեան Near East Relief մարդասիրական կազմակերպութիւնը 2․500 որբեր Եգիպտոս կը ղրկէ հայկական ընտանիքներու կողմէ որդեգրումի յատուկ ծրագրի մը գործադրութեան պատճառով (տես Արսէն Պալեան

1938 թուականին յունահայոց Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Յունաստանի տարածքին կազմակերպած մարդահամարին, Կորնթոսի մէջ մնացած հայերու թիւը 100 է։ Իսկ 1960-ական թուականներուն՝ 25։

Ներկայիս մնացած են քանի մը ընտանիքներ միայն։

[1] [2] [3] [4] [5]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]