Հայաստանի Թուղթ
Արտաքին տեսք
Հայաստանի Թուղթ, ֆրանսացիներ papier d'Armenie (Հայաստանի Թուղթ) կոչած են յատուկ կերպով պատրաստուող այն թուղթը, որմէ փոքրիկ կտոր մը այրուելով՝ կ՛արձակէ անուշաբոյր հոտ մը։ Փարիզի փողոցներուն մէջ կը ծախուի երիզներու վերածուած ձեւով եւ ունի բաց սրճագոյն գոյն մը։ Երբ անոր մէկ ծայրը կրակին դպչի, թուղթի կը սկի այրիլ դանդաղօրէն՝ առանց բոց արձակելու։