Հայաստանի Աղբիւրները

Սառնորակ ու յորդահոս աղբիւրներ Հայաստանի մէջ:

  • Արագածը անուշահամ, զանգակ աղբիւրներու հայրենիքն է: Անոր լանջերէն կը բխին 324 ստորերկրեայ աղբիւրներ, որոնք յառաջացուցած են Մեծամօր կամ Այղր լիճը:
  • Ապարանի, Ամբերդի եւ Մանթաշի ձորերուն մէջ զանգակ աղբիւրներ շատ կան, որոնք կու գան Արագածի գագաթներէն: Արագածի ծնունդ են Շղարշիկ, Ոսկեթաս, Կոշ, Ահագչի գիւղերու հռչակաւոր աղբիւրները, որոնցմով իրաւամբ կը հպարտանան տեղւոյն բնակիչները:
  • Աշխարհի մէջ շատ քիչ կարելի է գտնել Երեւանի սառնորակը, առողջարար ջուրերէն: Սկիզբ կ'առնեն Էլառի շրջակայքի քառասուն աղբիւրներէն, որոնք ջուր կը մատակարարեն Երեւանին: Սակայն այս յորդառատ աղբիւրները ներկայիս չեն բաւարարեր քաղաքի բնակչութեան եւ արդիւնաբերութեան պահանջները, ատոր համար ալ Երեւանի արուարձաններն ու արդիւնաբերական շատ ձեռնարկութիւնները կ'օգտագործեն նաեւ Արզնիի ըմպելի ջուրը:
  • Դարաւոր պատմութիւն ունին Ձորաղբիւրի, Ողջաբերդի, Սանահինի, Գառնիի եւ Գեղարդի սքանչելի աղբիւրները:
  • Ծաղկաձորի, Ջրառատի (Ռնդամալ) կաթնաղբիւրներու ջուրերը կը բխին Ալեբեկ լերան բարձրաւանդակէն: Վանաձորի, Վարդաբլուրի, Կամօ քաղաքի, Գետաշէնի եւ Ակունքի սառնորակ ու վճիտ ջուրերը եւս առատ են ու առողջարար:
  • Հայաստանի մէջ կան 10 հազարէ աւելի անուշահամ աղբիւրներ:

Հայաստանի Հանքային Աղբիւրները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Արզնին դարձած է Հայաստանի նշանաւոր առողջարաններէն մէկը, որովհետեւ անոր հանքային ջուրերը իրենց քիմիական բաղադրութեամբ կը դասուին հիտրոքարպոնաթային ջուրերու առաջին կարգի վրայ:
  • Դիլիջանէն շուրջ 5 քիլոմեթր հեռու գտնուող Բլդան-Չայի գետին կիրճին մէջ գտնուող հանքային աղբիւրներու ջուրերը, «Դիլիջան» մակագրութեամբ, շիշերով կը վաճառուին Հայաստանի քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ:
  • Սեւան գիւղին մէջ նոյնպէս կան հանքային աղբիւրներ, որոնց ջուրերը տարածուած են ամէնուրեք:
  • Հանքային յորդահոս բազմաթիւ աղբիւրներ կան Արարատ աւանի եւ Սարի-Բուլաղ լերան հարաւային լանջին մէջ, Վեդի գետի վտակի ափերուն:
  • Արարատի հանքային ջուրերով կը բուժուին յօդացաւէ տառապողները:
  • Զարգացման լայն հեռանկար ունի Հանքաւանը, որ կրնայ դառնալ լաւագոյն բուժիչ հանգստավայրերէն մէկը: Այդտեղի հանքային աղբիւրները լրիւ ուսումնասիրուած են կը համարուին բարձրորակ հանքային ջուրեր:
  • Հրազդան գետի ափին, Աւազան գիւղին մօտ կը գտնուին Կենսալիի հանքային ջուրերը, որոնք կը կոչուին Սալամաթ:
  • Հանքային ջուրերու առատ աղբիւրներ կան Սիսիանի շրջանի Բազարչայ, Մարտունի շրջանի Լիճք, Գորիսի շրջանի Քարաշէն, Քարահունջ, Տաթեւ, Ստեփանաւանի շրջանի Կաթնաղբիւր, Յազդան գիւղերու մէջ, ինչպէս նաեւ` Դուինի, Աղինի, Մեղրիիի եւ Մարտունիի մէջ:

Հայաստանի մէջ կան տարբեր բաղադրութեան աւելի քան 400 հանքային աղբիւրներ, որոնք կը կազմեն Հայաստանի բնութեան հարստութիւնը[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]