Jump to content

Համակարգչային Թանգարան

Համակարգչային Պատմութեան Թանգարան

Համակարգչային թանգարան, Հաշուողական տեխնիկայի եւ ծրագրային ապահովման պատմութեան նուիրուած թանգարան։ Ինչպէս ցանկացած թանգարան այն «հասարակութեան աջակցելու եւ խթանելու համար ստեղծուած մշտական հաստատութիւն է, որ կը զբաղուի մարդու եւ անոր միջավայրի մասին նիւթական ապացոյցներու ձեռքբերման, պահպանման, հետազօտման, մասսայականացման համար, ուսման, կրթութեան, ինչպէս նաեւ հոգեւոր կարիքներու բաւարարման նպատակով», ինչպէս սահմանուած է Թանգարաններու միջազգային խորհուրդի կողմէ[1]։

Համակարգչային որոշ թանգարաններ կը գործեն որպէս այլ խոշոր հաստատութեան մաս, ինչպիսին են Լոնտոնի գիտութեան թանգարանը կամ Միւնխենի Տոյչս թանգարանը։ Միւսները, ինչպիսին են Քալիֆորնիայի Համակարգչային պատմութեան թանգարանը Մաունթին Վիուի, Ազգային համակարգչային թանգարանը Պլեթչլի պարկին եւ Heinz Nixdorf MuseumsForum-ը Պատերպորնի մէջ, կը համարուին նեղ մասնագիտացուած։ Թանգարաններու որոշ մասը մասնագիտացած են հաշուողական տեխնիկայի վաղ պատմութեան բնագաւառի, միւսները՝ առաջին անհատական համակարգիչներու դարաշրջանին, ինչպիսին են Apple I եւ Altair 8800, Apple II, հին Apple Macintosh Commodore Internationals, Amiga, IBM PC եւ այլ առաւել հազուադէպ հանդիպող` Օսպորն 1 համակարգիչներու բնագաւառին մէջ։ Այնպիսի թանգարաններ, ինչպիսին Computerspielemuseum Berlin-ը մասնագիտացած է համակարգչային խաղերու բնագաւառին մէջ։ Գոյութիւն ունին թանգարաններ, որոնք մասնագիտացած են գիտական հետազօտութիւններու եւ պահպանութեան բնագաւառին մէջ, միւսներըաւելի շատ կը կեդրոնանան կրթական եւ ժամանցային նպատակներու վրայ։ Կան նաեւ մասնաւոր հաւաքածոներ։

Համակարգչային թանգարաններու յատուկ տեսակ են համակարգչային տեխնիկայի եւ տեղեկատուական տեխնոլոգիաներու վիրտուալ թանգարանները։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «ICOM Statutes»։ International Council of Museums։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-09-09-ին 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]