Jump to content

Հալէպի շուկաները

Խան Ալ-Սապուն, օճառի շուկայ, 1900-ականներ, Հալէպ։

Հալէպի շուկաները, Հալէպը, որ կը համարուի Սուրիոյ երկրորդ մեծ քաղաքը Դամասկոսէն ետք, յայտնի է բազմաթիւ պատմական եւ զբօսաշրջային վայրերով, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորը անոր հին շուկաներն են, որոնք շատ գրաւիչ են Սուրիա այցելողներուն համար:

Այս շուկաներու պատմութեան եւ անոնց առանձնայատկութիւններուն մասին Հալէպի ժամանակակից պատմաբան Ամեր Ռաշիտ Մուպայէտը կ'ըսէ. «Ան կը տարածուի Անտիոքի դարպասներու եւ Միջնաբերդի տաճարին միջեւ, ուր ուխտաւորները կու գային Հալէպ՝ այցելելու Հալէպի մեծ աստուած Հաթաթին, իսկ Հալէպի դրախտի դարպասը պատմութեան մէջ առաջին շուկան է Հալում: Այսօր գոյութԻւն ունեցող այս շուկաներու կառուցումը կը վերագրուի «Նուր ալ-Տին Զանգի»-ին: Այնուհետեւ ան ընդլայնուեր է Այյուպեաններու, ապա Մամլուքներու և Օսմանեան ժամանակաշրջաններուն»:

Օսմանեան ժամանակաշրջանին՝ 1516-1918 թուականներուն Հալէպը եղեր է արեւելքի եւ արեւմուտքի երկիրներուն միջեւ առեւտուրի հիմնական քաղաքը: Եթէ արեւմտեան դեսպանատուները կը գտնուէին Իսթանպուլի մէջ, ապա հիմնական հիւպատոսական աշխատանքները կը կատարուէին «Հալէպի մէջ», եւ սկսած յատկապէս 18-րդ դարէն եւրոպացի հիւպատոսներն ու վաճառականները սկսան փափաքիլ ապրիլ «Հալէպի մէջ» իրենց ընտանիքներով, այդպիսով հիմնելով ամուր հարստութիւններ։

Որպէս վկայութիւն Հալէպի եւ անոր առեւտրական շուկաներու կարեւորութեան մասին մինչեւ Սուէզի ջրանցքի բացումը, ճանապարհորդներէն մէկը կ'ըսէ. «Հալէպի շուկաներուն մէջ մէկ օրուան ընթացքին ծախուած ապրանքը, Գահիրէի շուկաներուն մէջ հազիւ մէկ ամիսէն կը ծախուէր»: Առեւտրային, արդիւնաբերական, արհեստագործական եւ ձեռքի գործունէութիւնը քաղաքի տարածքի 16 հեկտարը ծածկելու համար շուկայի երկարութիւնը իր մասնաճիւղերով աւելի քան 13 քմ է, եւ այսօր այդ շուկաներուն մէջ կան հազարաւոր խանութներ եւ իւրաքանչիւրը մասնագիտացած է որոշ մարզի մը մէջ: Իսկ «Պապ Անթաքիա»-էն մինչեւ «Ալ-Զարպ շուկան» բաժնուած է 39 շուկայի եւ մեծ թիւով խաներու ու կայսարիաթներու։

Իւրաքանչիւր շուկայ կը կրէ իր անունը, օրինակ Ալ Ֆարաին շուկայ, Ալ Աթթարին շուկայ եւ այլն:

Հագուստները, կօշիկները, գլխարկներն ու զարդարանքները հիմնական ապրանքներն են, որոնք կը վաճառուին այնտեղ, ինչպէս նաեւ համեմունքներն ու գորգերը կարեւոր տեղ կը գրաւեն, առաւել դափնիի օճառը, որ ունի իր իւրայատուկ շուկան եւ օճառի շուկայ կոչուած է:

Ան կը համարուի աշխարհի ամէնամեծ եւ ամէնաերկար ծածկուած շուկաներէն մէկը, որուն տարածութիւնը 160 քիլոմեթր է, իսկ հասակը15 քիլոմեթր է, արձանագրուած է Կինէսի համաշխարհային գիրքին մէջ:

Այս շուկաները կարեւոր դեր խաղացած են քաղաքի տնտեսական, առեւտրական, զբօսաշրջային եւ վարչական պատմութեան մէջ[1]:

2012-ի Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով այս շուկաներուն մեծ մասը քանդուեցաւ, սակայն կրկին վերանորոգուեցաւ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «"أسواق حلب القديمة" وتاريخ يرقى إلى خمسة آلاف سنة»։ www.esyria.sy (արաբերէն)։ արտագրուած է՝ 2022-03-25