Jump to content

Կրթական Յաջողութիւն

Կրթական յաջողութիւնը կ'իրականանայ, երբ ուսանողը, ուսուցիչը կամ կրթական հաստատութիւնը կը հասնին իրենց կարճ կամ երկարաժամկէտ կրթական նպատակակէտերուն: Կրթական ծրագիրին ընթացքը աւարտելէ ետք (միջնակարգ կամ երկրորդական վարժարաններու պարագային), վկայականները կը հաստատեն արձանագրուած ուսումնական նուաճումները:

Բաղդատական ցուցակ GCSE քննութեան արդիւնքներու:

Կրթական յաջողութիւնները ընդհանրապէս կը հաստատուին կրթական քննութիւններու եւ գրաւոր փորձերու միջոցաւ, բայց տակաւին գիտականօրէն չէ հաստատուած, թէ փորձ քննութիւններուն ո՛ր ձեւը ամէնէն ճիշդն է[1]։

ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիոյ նահանգին մէջ կրթական կարողութիւնները կը հաստատուին Կրթական Կատարման Յայտանիշով (Academic Performance Index)։

Անհատական տարբերութիւնները՝ ազդանիշ յաջողութեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անհատական տարբերութիւնները կրթական յաջողութեան մէջ կապուած են թէ՛ ուշիմութեան եւ թէ՛ անհատին անձնաւորութեան[2] հետ։ Աշակերտներ, որոնք աւելի բարձր մտային կարողութիւններ ունին (չափանիշն է IQ-ի քննութիւնը) եւ աշակերտներ, որոնք անընդհատ ճիգ կը թափեն սորվելու (անոնք ընդանհրապէս բարձրագոյն արդիւնք կ'ապահովեն կրթական քննութիւններուն)։ Վերլուծում մը ցոյց կու տայ, թէ այն աշակերտները, որոնք ընդհանրապէս հետաքրքիր են, կրնան բարձր արդիւնքներ ապահովել[3]։

Ծնողք-զաւակ առողջ փոխ յարաբերութիւնը, այլ ազդակներու կողքին, մեծ դերակատարութիւն ունի նախակրթարանի աճող աշակերտին կրթական-ուսումնական բնական զարգացումին մէջ:[4][5]

Կանուխ տարիներու լաւորակ կրթութիւնը, որ կ'իրագործուի ուսուցիչին ղեկավարութեամբ, օգտակար է մանուկներուն համար, մասնաւորաբար` նիւթական համեստ պայմաններով ապրող ընտանիքներու զաւակներուն, որովհետեւ ծնողքին ընկերատնտեսական վիճակը ունի իր ազդեցութիւնը զաւակին կրթական յաջողութեան վրայ։

Եթէ աշակերտին ծնողքը ուսեալ եւ դաստիարակուած է՝ զաւակին յաջողութեան հաւանականութիւնը կը բարձրանայ։

Ծնողքի մը մօտեցումներէն եւ գործելու միջոցառումներէն կարելի է յիշել հիմնականները.

  • Ան կը գործէ` հաւատալով, որ ինք իր զաւակին առաջին դաստիարակն է:
  • Կը սերմանէ իր զաւակին միտքին եւ հոգիին մէջ ազնիւ բարոյականութիւն եւ նախնական կարեւոր գիտելիքներ:
  • Կը հետեւի զաւակին դասացուցակին եւ դասանիւթերուն:
  • Կ'օգնէ անոր դասերուն` պարզապէս ուղղութիւն տալով, բացատրելով  եւ ոչ թէ՝ ամբողջութեամբ կատարելով անոր պարտականութիւնները: Այս մէկը կը զարգացնէ իր զաւակին մէջ մտածելու եւ  տրամաբանելու կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ` անձնական աշխատանքով ու ճգնելով յաջողելու հասկացողութիւնը:
  • Տունէն ներս կ'ունենայ տարբեր լեզուներով օրաթերթեր ու շաբաթաթերթեր, որպէսզի իր զաւակը վարժուի թերթ կարդալու եւ ունենալու ընդհանուր զարգացում:
  • Տունէն ներս ժամեր կը տրամադրէ, որպէսզի մտերմանայ զաւակին հետ:
  • Դաստիարակչական եւ ընկերային յատուկ խաղերով ժամանակ կ'անցընէ անոր հետ:
  • Արտադպրոցական ընթերցանութիւններ կ'ընէ զաւակին հետ եւ հետաքրքրական նիւթերու մասին կը զրուցէ:
  • Կը սորվեցնէ բառարանի գործածութիւնը եւ կը մղէ, որ ան ամէն օր քանի մը վայրկեան բառարանով զբաղի, որպէսզի ունենայ ճշգրիտ ուղղագրութիւն եւ տառարտասանութիւն:
  • Կը քաջալերէ, որ զաւակը խօսի դպրոցական կեանքի մասին:
  • Կը լսէ զաւակէն, ամէն օր դպրոցէն վերադառնալէ ետք, դպրոցին մէջ պատահած յատկանշական, հաճելի եւ ոչ հաճելի իրադարձութիւնները:
  • Շատ հարցումներ չ'ուղղեր, այլ առիթ կը ստեղծէ, որ ան արտայայտուի ինքնաբուխ եւ խօսի անվախ ու ազատ:
  • Կը գնահատէ, կը քաջալերէ եւ կը մատնանշէ անոր նուազագոյն յաջողութիւնը եւ կամ բարելաւումը:
  • Գնահատանքի մէկ խօսք՝ զաւակին մէջ կը զարգացնէ ինքնավստահութիւն եւ զօրաւոր անհատականութիւն:
  • Զաւակին մանր սխալները եւ տկարութիւնները տեւաբար չի մատնանշեր եւ ժխտական արտայայտութիւններ ու կեցուածքներ չ'ունենար, որպէսզի  ան չատէ սորվիլը, չհեռանայ սորվելու հաճոյքէն, չյուսահատի եւ  չձախողի:
  • Կը բացատրէ, թէ ան կարողութիւնը ունի սորվելու եւ յաջողելու:
  • Կ'ունենայ հաւասարակշռուած, իրապաշտ եւ դրական կեցուածք` իր զաւակին հանդէպ, յաջողութեան թէ ձախողութեան պարագային:
  • Կը բացատրէ, թէ սխալիլը եւ ձախողիլը պատահական են, եւ անոնք կը սրբագրուին` սորվելով, աշխատելով եւ ճգնելով:
  • Կը բացատրէ, թէ յաջողիլը եւ սորվիլը կ'իրականանան վարժութեամբ, կրկնելով եւ աշխատելով:
  • Կը կազմակերպէ անոր աշխատանքի եւ սորվելու վայրը, կերպը, ժամանակը:
  • Կը մղէ զաւակը, որ ինքնաբաւ ըլլայ, առանձին աշխատի եւ նախաձեռնող ըլլայ:
  • Զօրավիգ կը կանգնի անոր` բոլոր դժուարութիւններու պարագային, որպէսզի ան ապահով զգայ եւ չյուսահատի:
  • Շաբաթական դրութեամբ կը կազմակերպէ պտոյտներ: Անոնք միասին կ'այցելեն թանգարաններ, շարժանկարի սրահներ, թատրոններ, ցուցահանդէսներ եւ ներկայ կ'ըլլան երաժշտական ու մարզական ձեռնարկներու:
  • Կը քաջալերէ անոր արտադպրոցական խաղերը եւ աշխատանքները:
  • Կը մղէ զաւակը, որ ընկեր-ընկերուհիներ ունենայ եւ անոնց հետ բարեկամութիւն  եւ մտերմութիւն մշակէ:
  • Կը թելադրէ զաւակին, որ խաղէ դուրս ըլլայ հանդարտ, մտածէ եւ վերյիշէ դաստիարակին թելադրութիւնները եւ բացատրութիւնները:
  • Անօթի չի ղրկեր զաւակը դպրոց` քաջ գիտնալով, որ նախաճաշը խիստ կարեւոր է անոր արթնութեան եւ ֆիզիքական, մտային ու հոգեկան առողջութեան համար:
  • Ուշադիր կը հետեւի զաւակին սննդառութեան, մարմնամարզին, հանգիստին եւ քունին:
  • Բաղդատականներ չ'ըներ իր զաւակներուն միջեւ եւ կ'ընդունի անոնցմէ ամէն մէկը իր յատկութիւններով եւ կարողութիւններով:
  • Խտրականութիւն չի դներ զաւակներուն միջեւ, այլ կ'ըլլայ միշտ արդար եւ խղճամիտ:

Փոքրերուն կեանքին առաջին քանի մը տարիները մեծ դեր կը խաղան լեզուի զարգացման եւ ընկերային կարողութեան վրայ։ Դպրոցական պատրաստութիւնները այդ տարիներուն կ'օգնեն փոքրիկին, որպէսզի հոգեպէս պատրաստ ըլլայ դպրոցական միջավայրին[6]։

Ուրիշ շատ կարեւոր բանալի մը կրթական յաջողութեան՝ մշտական մարմնային թեթեւ մարզանքն է։ Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ կրթական յաջողութեան կարելիութիւնը կը բարձրանայ մարզանքի շնորհիւ: Մարզանքը յատկապէս դրական ազդեցութիւն կ'ունենայ յիշողութեան ու կեդրոնացման վրայ[7][7]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Annie Ward; Howard W. Stoker; Mildred Murray-Ward (1996), «Achievement and Ability Tests - Definition of the Domain», Educational Measurement, 2, University Press of America, pp. 2–5, ISBN 978-0-7618-0385-0 
  2. von Stumm Sophie, Hell, Benedikt, Chamorro-Premuzic, Tomas (2011)։ «The Hungry Mind: Intellectual Curiosity Is the Third Pillar of Academic Performance»։ Perspective on Psychological Science 6 (6): 574–588։ doi:10.1177/1745691611421204։ արտագրուած է՝ February 11, 2012 
  3. Bossaert G, S. Doumen, E. Buyse, K. Verschueren (2011)։ «Predicting Students' Academic Achievement After the Transition to First Grade: A Two-Year Longitudinal Study»։ Journal of Applied Developmental Psychology 32: 47–57։ doi:10.1016/j.appdev.2010.12.002 
  4. Magnuson Katherine (November 2007)։ «Maternal Education and Children's Academic Achievement During Middle Childhood»։ Developmental Psychology 43: 1497–1512։ doi:10.1037/0012-1649.43.6.1497 
  5. Ծնողքին դերը
  6. Lassiter Kerry (July 1995)։ «The Relationship Between Young Children's Academic Achievement and Measures of Intelligence»։ Psychology in the Schools 32: 170–177։ doi:10.1002/1520-6807(199507)32:3<170::aid-pits2310320303>3.0.co;2-k 
  7. 7,0 7,1 Tomporowski Phillip, Catherin Davis, Patricia Miller, Jack Naglieri (2008)։ «Exercise and Children's Intelligence, Cognition and Academic Achievement»։ Educational Psychology 20 (2): 111–131։ doi:10.1007/s10648-007-9057-0