Jump to content

Կորուսեալ Թռչունները

Կորուսեալ Թռչունները
Բեմադրիչ Արէն Փերտեճի եւ Էլա Ալեամաճ
Հիմնուած 30 Յունիս 2015[1]
Արտադրող
ընկերութիւններ
«Քարա Քետի ֆիլմ» ընկերութեան
Տեւողութիւն
90 վայրկեան
Պիւտճէ $2,000,000

Կորուսեալ Թռչունները (անգլերէն՝ Lost Birds , թրք.՝ Yitik Kuşlar), Թուրքիոյ մէջ պատրաստուած 1915-ի ողբերգութեան նիւթով առաջին երկար ժապաւէնը, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը ներկայացնէ իբրեւ տեղահանութիւն։

Թրքական «Թուտէյզ Զաման» թերթը կը յայտնէ, որ Թուրքիան առաջին անգամ ըլլալով Հայոց ցեղասպանութեան մասին գեղարուեստական ժապաւէն մը կը նկարահանէ: Աղբիւրը ցեղասպանութիւնը կ'որակէ «հայերու աքսորը Անատոլուէն»:

Ժապաւէնին նիւթը կը վերաբերի քրոջ ու եղբօր մը, որոնք 1915-էն ետք կը մնան նախնիներու հողին վրայ: Անիկա սիրոյ ու ընտանիքի պատմութիւն մըն է[2]:

Թրքական «Ռատիքալ» պարբերականը գրած է․

«Kara Kedi Film» («Քարա Քետի ֆիլմ») ընկերութեան[3] պատրաստած «Կորուսեալ Թռչունները» յատկանշական է մէկ գիշերուան մէջ իրենց ամբողջ ընտանիքը կորսնցուցած քրոջ ու եղբօր՝ Մարիամին եւ Պետոյին ընտանիքին որոնումները նկարագրող թախծալից պատմութեամբ, որ իր մէջ կ'ամփոփէ հազարաւոր հայ երեխաներուն ճակատագիրը»:
- Թրքական «Ռատիքալ» պարբերական


Ժապաւէնին համար պատմական մասնագիտական խորհրդատուութիւն տրամադրած է պերլինաբնակ Վահէ Թաշճեան եւ պոլսաբնակ Եդուարդ Թոմասեան:

Ժապաւէնին բեմադրութեան հեղինակը եւ բեմադրիչը ազգութեամբ հայ Արէն Պերտեճին է, միւս համաբեմադրիչը` թուրք Ալէ Ալեամաճը:

Գլխաւոր դերակատարները եւս մարմնաւորած են հայեր ու թուրքեր` ի դէմս Տիլա Ուլուճայի եւ Հերոս Ակոբեանի: Ժապաւէնին մէջ դերեր ունին Թուրքիա բնակող հայ դերասաններ, որոնք այս դերերուն համար ընտրուած են: Թուրքիա բնակող եւ դերին համար թեկնածու հանդիսացած է նաեւ շուրջ 502 մանուկ[4]:

Դերակատարներէն են՝

  • Հերոս Ակոբեան
  • Տիլա Ուլուճա
  • Արթօ Արսէնեան
  • Սարգիս Աճեմեան
  • Թագուհի Պահար
  • Պերճուհի Պէրպէրեան
  • Յովսէփ Գարակէօզեան
  • Գրիգոր Տինքայիքցի
  • Ահմետ Ուզ
  • Անահիտ Վարիս
  • Պօղոս Սարգիսօղլու

Ժապաւէնին նկարահանման նախապատրաստական աշխատանքները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ թրքական պարբերականին՝ ժապաւէնին նկարահանումները նախապատրաստուած են հինգ տարուան ընթացքին: Ընդհանուր առմամբ ժապաւէնին մէջ օգտագործուած են յատուկ այդ նպատակին համար հնամենի լուսանկարներէ ընտրուած եւ նոյնութեամբ կարուած շուրջ 1000 հագուստ:

Նկարահանումներուն համար յատուկ կերպով վերակառուցուած է 1890-ին համապատասխանող եւ մինչեւ այսօր աւերուած վիճակի մէջ եղող կառոյց մը։ Ժապաւէնին մէջ տեղ գտած գիւղական հրապարակն ու սրճարանը եւս նոյնութեամբ վերարտադրուած են պատմական լուսանկարներէ:

Հինգ տարի տեւած ուսումնասիրութիւններէ եւ տարի մը տեւած նախապատրաստական աշխատանքներէն ետք սկսած նկարահանումները աւարտած են 30 օրուան ընթացքին:

Ժապաւէնը ուշադրութիւն կը գրաւէ տպաւորիչ տեսարաններով, տաղանդաւոր դերասաններով, մեծ պիւտճէով, պատմական իրականութեան համապատասխանող ստեղծագործական երեւակայութեամբ եւ բանաստեղծական երաժշտութեամբ։

Բեմադրիչներ Արէն Պերտեճիի եւ Էլա Ալեամաչի հեղինակած եւ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ պատրաստուած ժապաւէնին ծանուցումը մեծ հետաքրքրութիւն առթած է եւ անիկա մինչեւ Օգոստոս 2015-ի վերջաւորութեան, ցուցադրուած է 113 երկիրներու մէջ։

Ժապաւէնը շրջադարձային աշխատանք է թրքական շարժապատկերին համար, որովհետեւ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին[5]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]