Կոմիտաս (ձայնասկաւառակ)

Թողարկուած 2 Հոկտեմբեր 2015-ին, Գերմանական ECMrecords-ի կողմէ «Կոմիտաս» ձայնասկաւառակը՝ 30 էջնոց բազմաբովանդակ տեղեկատուութեամբ եւ լուսանկարներով։ Ձայնասկաւառակի մեկնաբանութիւնը գրուած է երգահան Տիգրան Մանսուրեանի եւ Լեւոն Իսկէնեանի կողմէ[1]:

Յաւելեալ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձայնասկաւառակը հրաշալի հնարաւորութիւն եւ առիթ է Կոմիտասի երաժշտութիւնը Արեւմուտքի մէջ բացայայտելու եւ տարածելու համար։ Անիկա կրնայ ըլլալ ամբողջ հայութեան համար հայ երաժշտութեան գիտակից ծանօթացումն ու երիտասարդ սերունդը հպարտութեամբ դաստիարակելու հիմքերէն մէկը։

Ցարդ ասիկա միջազգային մեծագոյն ու լայն անդրադարձներէն մէկն է Կոմիտասի երաժշտութեան։ Հարկ է նշել, որ ECMRecords-ը[2], ըլլալով աշխարհի մէջ շատ յայտնի եւ մեծ հեղինակութիւն ունեցող ընկերութիւն, կ՛օգտագործէ աշխարհի տարածքին ունեցած իր բոլոր լծակները՝ նպաստելով իր հրատարակած ծրագիրներու ճանաչելիութեան։ Անիկա նաեւ կ՛ապահովէ զանգուածային լրատուամիջոցներու ու երաժշտական փառատօներու անդրադարձը։

Ձայնասկաւառակին մէջ տեղ գտած են Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստաններու տարածքներուն մէջ գրի առնուած եւ քանի մը հազար տարուան ընթացքին ստեղծուած հայկական խմբապարերու երաժշտութիւնները, ինչպէս, օրինակ՝ «Կարնոյ ետ ու առաջը», «Կարնոյ շորորը», «Մշոյ շորորը», կանացի մենապարերը, մանկական նուագները, օրօրոցային, ժողովրդական եւ հոգեւոր երգերու կատարումներ։ Բոլոր ստեղծագործութիւնները գործիքաւորուած են հայկական նուագարաններով՝ տուտուկ, փող, թառ, դափ, քամանչայ, թմբուկ, զուռնայ, բուրվառ, զանգ եւ այլն։

Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու գործիքաւորումները կատարած է համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Իսկէնեան` որպէս գործերու սկզբնաղբիւր օգտագործելով այն ժողովրդական նուագարանները, որոնց մասին որպէս կատարողական ոճ եւ սկզբնաղբիւր իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան վրայ նշած է Կոմիտասը` թառ, տուտուկ, փող, դափ, թմբուկ, զուռնայ եւ այլն։

Շատ կարճ ժամանակահատուածի մէջ ձայնասկաւառակը արժանացած է միջազգային՝ ներառեալ եւրոպական, ամերիկեան, ճափոնական լրատուամիջոցներու բարձր գնահատականին՝ բնութագրուելով հետեւեալ կերպ. «Համոյթը նոր շունչ կու տայ հայկական երաժշտութեան, որ հաւաքագրուած է 20-րդ դարաշրջանի սկիզբը, սա երաժշտական հնագիտական եւ վերականգնման աշխատանք է», կը գրէ «Սոնկլայնզ մեկեզին»[3]:

Այս անգլիական թերթին կողմէ ձայնասկաւառակը դասուած է 2015 թուականի տասը լաւագոյն ձայնասկաւառակներու շարքին։

Աւստրիական ձայնասփիւռի կայանը «Օ. Ար. Էֆ.», Ս. Ծննդեան գիշերը սփռեց ձայնասկաւառակին վրայ տեղ գտած երաժշտութիւնը, իսկ «Պրիթիշ Էրուէյզ»-ը իր օդանաւերուն վրայի երաժշտական ցանկին մէջ պիտի ներառէ զայն մնայուն կերպով[4]:

Անիկա արդէն հասանելի է աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու ձայնասկաւառակներու վաճառակէտերուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ առցանց վաճառակէտերուն։

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Ձայնասկաւառակի պաշտօնական կայքէջ.»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-01-09-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-24 
  2. ECMRecords-ի պաշտօնական կայքէջ.
  3. [1]
  4. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-01-26-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-24 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]