Jump to content

Կոլխոզնիկ

«Կոլխոզնիկ», խորհրդային շրջանի հայկական երկշաբաթեայ պատկերազարդ հանդէս։

Հանդիսացած է ՀԽՍՀ հողժողկոմատի, Կոլտնտկենտրոնի եւ Հայկոոպի հրատարակութիւնը։ Լոյս տեսած է 1930-1931, 1934 թուականներուն, Երեւանի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Պ. Ֆոլեան, Վախթանգ Անանեան։ Լուսաբանած եւ ընդհանրացուցած էր առաջաւոր համարուող կոլտնտեսութիւններու աշխատանքային փորձը, քննադատած տնտեսութիւններուն մէջ տեղ գտած ենթադրեալ թերութիւնները։

«Կոլխոզնիկ»-ը զգալի աւանդ ներդրած էր անգրագիտութեան վերացման, դպրոցական գործի կազմակերպման, սոցիալիստական կենցաղի արմատաւորման բնագաւառներուն մէջ։

Յաջորդած է «Գիւղատնտեսական կեանք» ամսագրին։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։