Jump to content

Գիւղատնտեսական կեանք

«Գիւղատնտեսական կեանք», խորհրդային շրջանի հայկական գիւղատնտեսական քաղաքականութեան, Էկոնոմիկայի եւ տեխնիկայի ամսագիր (սկիզբը՝ երկշաբաթաթերթ)։ Հանդիսացած է հողագործութեան ժողկոմատի, հայջրտնտեսութեան, հայգիւղկոոպի օրգանը։ Հրատարակուած է 1922-1929 թուականներուն, Երեւանի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Ա․ Երզնկեան, Ս․ Շադունց։

Անդրադարձած է Խորհրդային Հայաստանի ոռոգման գործի կազմակերպման, անասնապահութեան զարգացման, առանձին մշակաբոյսերու մշակման, վնասատուներու դէմ պայքարի խնդիրներուն։

Զգալի տեղ յատկացուցած է գաւառներու տնտեսութեան ուսումնասիրութեան, գիւղատնտեսութեան զարգացման հեռանկարներու որոշման, գիւղին մէջ կատարուող սոցիալ-քաղաքական անցուդարձերուն։

Հանդէսի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է «Գիւղացու գրադարան» մատենաշարը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։