Jump to content

Կիւրինի Յուշ

Կիւրինի Յուշ
Տեսակ պարբերաթերթ
Հիմնադրուած է 1930
Հրատարակման վայր Նիւ Եորք

«Կիւրինի Յուշ», գրական, ազգագրական եւ պատմական պարբերաթերթ։ Կիւրինի Հայրենակցական Միութեան պարբերաթերթը։ Հրատարակված է 1930-1933 թուականներուն, Նիւ Եորք (7 թիւ)[1]։

Ներկայացուցած է Կիւրինի հայ համայնքի ստեղծման պատմութիւնը, աւանդութիւնները, տպագրած է նիւթեր հայ-թուրքական յարաբերութիւններու, ազգային, մշակութային եւ կրօնական կեանքին վերաբերեալ։

Լուսաբանած է Կիւրինի հայրենակցական ընդհանուր միութեան (ԿՀԸՄ) եւ անոր մասնաճիւղերուն գործունէութիւնը, հրատարակած է միութեան ծրագիր-կանոնագիրքը (1933, թիւ 7)։

Աջակցած է ներգաղթին, կոչ ուղղած է հայրենադարձ կիւրինցիներուն Խորհրդային Հայաստանի մէջ Նոր Կիւրին աւան մը հիմնելու։

Տպագրած է ասացուածքներ, հանելուկներ, երգեր, անտունիներ (Կիւրինի բարբառով), ինչպէս նաեւ կիւրինցի նշանաւոր գործիչներու (Նահապետ Ապտալեան, Խորէն եպս․Դիմաքսեան եւ ուրիշներ) կենսագրականներ։

Ունեցած է «Կեն օ կօ» խորագրով գրական-զաւեշտական յաւելուած մը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԸ»։ Hairenik Weekly Newspaper (en-US)։ 2019-12-27։ արտագրուած է՝ 2023-08-18 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։