Կիլիկիոյ Ճարտարապետութիւն
Կիլիկեան Հայաստանի ճարտարապետութիւն, Կիլիկեան Հայաստանի ճարտարապետութիւնը շարունակած է հայոց շինարարական աւանդոյթները։ Երկրին բնաշխարհը, աշխարհագրական դիրքը եւ զարգացման իւրայատուկ պայմանները մեծապէս նպաստած են քաղաքներու եւ յատկապէս բերդերու շինարարութեան։ Բարձունքներու լանջերուն եւ գագաթներուն կառուցուած բերդերը եւ քաղաք-ամրոցները (Սիս, Ճանճիբերդ, Կանչիբերդ, Լեւոնբերդ), պայմանաւորուած տեղանքով, ունեցած են անկանոն յատակաձեւ։
Ամրոցին տարածքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամրոցին տարածքը բաժնուած է տարբեր մակարդակներու վրայ կառուցուած որմնափակ մասերու, ստեղծուած են գաղտնուղիներ եւ տնտեսական սենեակներ, իսկ արտաքին պարագիծով ամրացուած են աշտարակաւոր հզօր պարիսպներով։ Սիս մայրաքաղաքը շրջապատուած է եռաշարք պարիսպներով, բարձունքին միջնաբերդն է՝ պալատ, կառոյցներով։ Ամրոցի 7 առանձին մասերը կապուած են իրարու ներքին դարպասներով։ Նոյն ձեւով կառուցուած են նաեւ միւս քաղաքները, որոնցմէ են Անազարբան եւ Մամեստիան։ Կիլիկեան Հայաստանի ամրաշինութեան հիանալի օրինակներ էին Լեւոն Բ թագաւորի կառուցած Օձաբերդ (Լեւոնկլա) եւ Թումլուբերդ ամրոցները։ Կոռիկոս եւ Այաս նաւահանգիստներուն պաշտպանական կառոյցները կղզիի եւ առափնեայ ծովային ամրոցներն էին։ Կիլիկիայի բոլոր ամրոցները պետութեան ընդհանուր ամրաշինարարական համակարգին մէջ էին եւ կը հաղորդակցէին իրենք իրենց միջեւ։
Առաւել յայտնի էին Լամբրոնը, Պապեռոնը, Մուդը, Գուգլակը, Վահկաբերդը։ Խոշոր ամրոցները (Սիս, Անարզաբա, Լամբրոն, Լեւոնբերդ), բացի բնակելի եւ տնտեսական սենեակներէն, ունեցած են նաեւ զարդապատկերներով, ընդելուզումներով ոսկեզօծ դահլիճներ՝ հանդիսաւոր ընդունելութիւններու համար։
Կիլիկեան Հայաստանի ամրոցները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կիլիկեան Հայաստանի իւրաքանչիւր ամրոցի կամ դղեակի մէջ կար եկեղեցի, քաղաքներուն մէջ՝ մէկ քանին (Սիսի մէջ՝ 20-էն աւելի)։ Հին շրջանի եկեղեցիներու ամէնէն տարածուած տեսակը միանաւ եւ եռանաւ պազիլիքն էր՝ ընդհանուր ծաւալէն դուրս եկող խորանով։ Եռանաւ պազիլիքները, որպէս կանոն, 2 զոյգ մոյթերով էին (ամէնահինը 12-րդ դարու Ձորավարանց եկեղեցին է Անարզաբայի մէջ)։ Խոշոր պազիլիքներէն էր պարիսպէն դուրս Կոռիկոսի մեծ եկեղեցին (12-րդ դարու վերջ, 3-րդ դարու սկիզբ)։ Յետագային կառուցոած են նաեւ եռանաւ գմբէթաւոր պազիլիքներ (Սուրբ Սոֆիա եկեղեցին Սիսի մէջ, 1230 թուականի վերջը, 1292-1441 թուականներուն՝ Ամենայն հայոց Մայր եկեղեցին, մինչեւ 1921 թուականը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աթոռանիստն էր)։ Նորակառոյց բազմաթիւ վանական համալիրները (Հռոմկլա, Տրազարկ, Արքայակաղնի, Սկեւռա, Ակներ եւ այլն) նաեւ մշակութային եւ գիտական կարեւոր կեդրոններ էին՝ ուսումնակրթական հաստատութիւններով, գրքարուի դպրոցներով։ Համալիրները բաղկացած էին եկեղեցիներէ, փոքր աղօթարաններէ, զանգակատունէ, բնակելի եւ օժանդակ կառոյցներէ։ Կիլիկիայի հայկական ամրոցները, որոնք որոշակիօրէն ազդած են Մերձաւոր Արեւելքի, նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի (12-13-րդ դարեր) ամրաշինութեան վրայ, ունին պատմական եւ կառուցողական մեծ արժէք։