Կեանքը Իթաքիի, Քավաֆիս
Կեանքը Իթաքի (յուն․՝ Ιθάκη, Καβάφης), Յոյն հանրածանօթ Քավաֆիս բանաստեղծին համբաւի արժանացած բանաստեղծութիւնը, գրուած 1910 –ին։
Տեղեկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աշխարհի իւրաքանչիւր հոգի եւ ողջ արարած իր կեանքի առաջին վայրկեանէն միտքով յիշատակներ կը ծնի եւկը փորձէ վերապրիլ: Ինչպէս մեծ հայրիկի մը յունական բանաստեղծութիւններ արտասանելը: Բոլորէն սիրուած է Քավաֆիի բանաստեղծութիւնը «Իթաքի»:« Ճամբան դէպի Իթաքի երկար է ինչպէս եւ կեանքի ճամբան անվէրջ է» կ՛ ըսէ ան: Բանաստեղծութեան յայտնի առասպելական հերոսը Օդիսէան (Ոդիսեւս), կը ճամբորդէ դէպի Իթաքի եւ կը դիմադրէ անհամար դժուարութիւններ, որպէսզի հասնի իր հայրենիքը, Իթաքի: Հերոսը մեծ հոգեկան ուժով կ՛ անցնի դէմ հանդիման դժուարութիւններէն եւ իր նպատակը կը կատարէ:
Ամէն մարդ իր Իթաքին ունի, այսինքն իր կեանքի փորձառութիւններէն կը սորվի, ինչպէս առաջ երթալ եւ իր նպատակները կատարել: Քավաֆին կը շեշտէ թէ ճամբորդութիւնը դէպի Իթաքի պէտք է երկար եւ լեցուն ըլլայ, որպէսզի ամէն մարդու կեանքի վէրջը արժանաւոր ըլլայ: Գրողին պատուէրն է որ Իթաքին մեր կեանքն է եւ մենք պէտք է փափաքը ունենանք որ մեր կեանքը Իթաքիի ճամբորդութեան նման երկար ըլլայ: