Jump to content

Կարմրախտ-Շառագոյն Տենդ

Կարմրախտ-Շառագոյն Տենդ (scarlet fever), Կարմրախտը կամ շառագոյն տենդը (scarlet fever) մանկական հիւանդութիւն մըն է, սակայն անիկա կրնայ պատահիլ ոեւէ անձի եւ որեւէ մէկ տարիքի: Անիկա կը յատկանշուի կոկորդի բորբոքումով եւ մորթային ցանով (rash)[1]:

Կարմրախտին յարուցիչը մանրէ մըն է, որ կը կոչուի group A beta hemolytic streptococcus (GABS):

Կարմրախտի  ախտանշաններն են.

  • ջերմութիւն,
  • կոկորդի ցաւ,
  • կլլելու դժուարութիւն,
  • կոկորդի եւ նշիկներու կարմրագոյն կէտաւորում,
  • վիզի աւշագեղձերու ծաւալում:

Անոր նախանշաններն են.

Կարմրախտի ամէնէն յատկանշական ախտանշանն է մորթի կարծր կարմիր եւ տարածուն բշտիկաւոր ցանը, որ կը նմանի աւազաթուղթի (sand paper): Մորթի ցանը կը յայտնուի ջերմէն 24 ժամ ետք: Ցանը կը յայտնուի նախ փորին եւ կուրծքին վրայ, ապա` ամբողջ մարմինին վրայ: Անիկա առաւելաբար կը տեսնուի մարմինի ծալքերու մէջ, մասնաւորապէս`  աճուկի (groin), անութի (armpit) եւ  արմուկի (elbow creases): Մորթացանին հետ կրնայ պատահիլ նաեւ քերուըտուք: Ցանը կ'անհետանայ 7-10 օրերու ընթացքին եւ վերջաւորութեան մորթը կը կեղուըուի (peel) առանց որեւէ մէկ հետք ձգելու:

Վերոնշեալ ախտանշաններէն ետք լեզուին վրայ կը տեսնուին կարմիր կէտեր, որոնք կը գրաւեն ամբողջ լեզուին մակերեսը: Լեզուն կ'ունենայ ելակի երեւոյթ եւ անոր համար կը կոչուի ելակալեզու (strawberry tongue): Այս կարմրագոյն կէտերը քանի մը օր ետք կ'անհետանան:

Կարմրախտը փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն է: Անոր յարուցիչ մանրէները կը փոխանցուին հիւանդին քթահոսքին եւ կոկորդի հեղուկին միջոցով, մասնաւորաբար` հազալով, խնչելով, թքելով եւ փռնգտալով: Փոխանցումը առաւելաբար տեղի կ'ունենայ` մորթի ցանի եւ ջերմի ընթացքին, ինչպէս նաեւ` ջերմի անհետանացումին յաջորդող 12-24 ժամերուն ընթացքին:

Անոր թխսաւորման ժամանակաշրջանը 12 ժամէն մինչեւ 7 օր է:

Կարմրախտի բորբոքումը կրնայ տարածուիլ կոկորդի յարակից բաժինները, մասնաւորապէս` միջին ականջը, դէմքի խոռոչները (sinuses) եւ թոքերը` յառաջացնելով միջին ականջի բորբոքում (otitis media), դէմքի խոռոչներու բորբոքում (sinusitis) եւ թոքատապ (pneumonia): Չդարմանուած կարմրախտի պարագային կրնայ տեղի ունենալ յօդացաւային ջերմութիւն (rheumatic fever) եւ երիկամներու բորբոքում:

Ախտաճանաչում եւ Դարմանում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարմրախտի ախտաճանաչումը  բացայայտ է կոկորդի եւ մորթի ախտաբանական երեւոյթով: Սակայն կատարուելու է կոկորդի խլնաթաղանթի կոկորդաջնջան (throat swab) եւ կոկորդէն վերցուած խլնահեղուկի մշակում (culture):

Կարմրախտը կը դարմանուի հակամանրէական դեղերով 7-10 օրերու ընթացքին: Հիւանդին տրուելու է առատ հեղուկ եւ սննդառական հեղուկային կերակուրներ: Հիւանդին եղունգները պէտք է կարճ պահել, որպէսզի քերուըտուքի պատճառով ան չքերէ իր ախտահարուած մորթը եւ մորթային երկրորդական բորբոքում տեղի չունենայ:

Կանխազգուշական միջոցներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարմրախտէ վարակուող հիւանդին շուրջը գտնուողները

  • Պէտք չէ գործածեն հիւանդին գործածած իրեղէնները, յատկապէս` դգալ, պատառաքաղ, պնակ, անձեռոց, անկողին եւ բարձ:
  • Ձեռքերը օճառով եւ ջուրով լաւ լուալու են, ամէն անգամ որ մօտենան հիւանդին:
  • Հիւանդին շատ չմօտենան եւ յաճախ չայցելեն անոր[2]:

Կարմրախտը պատուաստ չունի:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]