Jump to content

Կարմիր Լոռի

«Կարմիր Լոռի», պոլշեւիկեան ագիտացիոն թերթ։ Հանդիսացած է ՀԿ(բ)կ Լոռուայ գաւառային եւ յեղափոխական կոմիտէներու օրգանը։ Լոյս տեսած է 1921-1922 թուականներուն։ Հիմնադրուած է Ալաւերդիի մէջ, Լոռի՝ 1921 թուականի Փետրուարեան ապստամութենէն յետոյ, որու հետեւանքով Լոռին կցուեցաւ Խորհրդային Հայաստանին։ 1921 թուականի Դեկտեմբերին գաւառական կեդրոնը տեղափոխուեցաւ Ջալալօղլի (այժմ՝ Ստեփանաւան), ուր ալ շարունակուեց հրատարակուիլ անկանոն պարբերականութեամբ։ Տպագրուած է Ղարաքիլիսայի մէջ (յետագային՝ Կիրովական, այժմ՝ Վանաձոր), Կարմիր բանակի զօրակայանի տպարանին մէջ։ Խմբագիրներ՝ Կ. Ղազարեան, Գ. Մեհրաբեան, Սիմակ Սահակեան (Մաճկալ Շմաւոն)։

Տեղական բարբառին մօտ լեզուով ներկայացուցած է խորհրդային ռեժիմի կառուցուածքն ու էութիւնը, ծանօթացուցած Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութեան գործունէութեան։ Լուսաբանած է գաւկոմի, գիւղխորհուրդներու գործունէութիւնը, մեծ տեղ տրամադրած հողային հարցի լուծման։

Խորհրդային հասարակարգի կառուցման գործին մէջ կարեւոր դեր յատկացուցած է կանանց շրջանակին մէջ տարուող աշխատանքներուն, երիտասարդութեան ագիտացիոն դաստիարակութեան, կրթութեան եւ մարզանքի հարցերուն։ Ունեցած է «Լոռուայ կարմիր երիտասարդ», «Լոռուայ աշխատաւոր կնոջ թերթիկ», «Հեծգնդի թերթիկ» էջերը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։