Կարմիր Գլխարկիկը
«Կարմիր գլխարկիկը» (ֆրանսերէն՝ Le Petit Chaperon rouge, գերմաներէն՝ Rotkäppchen), ֆրանսական[1] եւ նոյնպէս Եւրոպական հեքիաթ է փոքրիկ աղջկայ եւ Մեծ չար Գայլի մը մասին։ Պատմութիւնը ժամանակի ընթացքին էական փոփոխութիւններ կրած է եւ բազմաթիւ ժամանակակից տարբերակներ երեւան եկած են։ Առաջին անգամ զայն հրատարակած է Շարլ Փերօն։[2] Կ'ըսուի, թէ չինացի գրող Հուան Ժուն, հեքիաթին չինական տարբերակը գրի առած է մօտաւորապէս նոյն ժամանակաշրջանին:
Նիւթին ծագումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գայլին կողմէ խաբուած աղջկաn մասին նիւթը տարածուած է Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ մէջ միջին դարերուն: Ալպերի շրջակայքը եւ Տիրոլուն հեքիաթը ԺԴ. դարէն մեծ տարածում ունէր: Միայն զամբիւղին պարունակութիւնը կը փոխուէր՝ Հիւսիսային Իտալիոյ մէջ թոռնիկը մեծ մօր թարմ ձուկ կը տանէր, Շուէտի մէջ գլուխ մը պանիր, իսկ Ֆրանսայի հարաւը`կարկանդակ եւ կարագ: Ժողովրդական պատմութիւններուն մէջ նիւթը կը նկարագրուի հետեւեալ ձեւով.
Մայրը աղջկան կ'ուղարկէր մեծ մօր քով կաթով եւ հացով: Ան կը տեսնէ գայլը, կը պատմէ անոր, թէ ուր կ'երթայ: Գայլը առաջ կ'անցնի աղջիկէն, կը սպաննէ մեծ մայրը, անոր մարմինէն ուտելիք կը պատրաստէ, իսկ արիւնէն`ըմպելիք, կը հագնի անոր հագուստները եւ կը պառկի անոր անկողինին վրայ: Երբ աղջիկը կու գայ, գայլը անոր կ'առաջարկէ ուտել: Մեծ մօր կատուն կը փորձէ զգուշացնել աղջիկը, որ կ'ուտէ իր մեծ մօր մնացորդները, բայց գայլը կատուին վրայ կը նետէ փայտէ կօշիկները եւ կը սպաննէ զինք: Յետոյ գայլը կ'առաջարկէ աղջկան հանել հագուստները ու պառկիլ իր կողքին, իսկ հագուստները նետել կրակին մէջ: Ան այդպէս ալ կ'ընէ, եւ պառկելով գայլին քով, կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ ան այդքան շատ մազ ունի, ինչո՞ւ ուսերը լայն են, եղունգները երկար եւ ատամները մեծ: Վերջին հարցին գայլը կը պատասխանէ. «Այս անոր համար է, որ քեզ աւելի շուտ ուտեմ, ի՛մ բալիկ» եւ կ'ուտէ աղջիկը:
Այսպէս կ'աւարտին գրուած տարբերակներուն մեծ մասը, իսկ այլ պատումներու մէջ, աղջիկը կրնայ փախչիլ գայլէն՝ իր խորամանկութեան շնորհիւ:
Հետագային, շնորհիւ Կրիմ եղբայրներուն պատմութիւնը մանկավարժական պատշաճեցումով կը պատմուի եւ հոն ուրախ աւարտ մը կը տեսնենք:
Պաստառի վրայ ցուցադրութիւն եւ բեմադրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պատկերաւոր արուեստ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հենրի Պիչ Ռովինսոնի լուսանկարը, «Կարմիր գլխարկիկը իր մեծ մօր տան դրան քով» (1958),
- «Կարմիր գլխարկիկը», Լուիս Քերրոլլի լուսանկարը:
Երաժշտական ստեղծագործութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ռախմանինոֆի «Կարմիր գլխարկիկը եւ մոխրագոյն գայլը» պատկերը:
- Կարմիր գլխարկիկը (1911), երգահանը՝ Սեզար Կիւի մանկական օփերային:
- Կարմիր գլխարկիկը (2001), ժամանակակից ֆրանսացի երգահան՝ Ժորժ Ապերկիսի մանկական օփերային:
Դասական պաստառի վրայ ցուցադրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Կարմիր գլխարկիկը (1937), Պրումպըրկ քոյրերու սեւ ու սպիտակ մանկական տեսաժապաւէնը, ԽՍՀՄ:
- Կարմիր գլխարկիկը (1989), Ատամ Պրուքսի երաժշտականը, ԱՄՆ-Իսրայէլի համատեղ արտադրութիւնը: