Կարմիր Գիւղացի
Կարմիր Գիւղացի, խորհրդային շրջանի հայկական շաբաթաթերթ, ՀԿ(բ)Կ Էջմիածնի գաւկոմի եւ գաւհեղկոմի օրգան։ Լոյս տեսած է 1921-1922 թուականներուն, էջմիածնի մէջ, անկանոն պարբերականութեամբ։ Խմբագիրներ՝ Արամ Շահգելդեան, Լ. Թովմասեան, Ա. Մուրադեան, Յովհաննէս Բաննահեան։
Առաջին համարը լոյս տեսած է 24 Ապրիլ 1921-ին[1]։
Զբաղուած է լենինեան գաղափարներու եւ կոմունիստական կուսակցութեան քաղաքականութեան քարոզչութեամբ։ Փորձած է պատկերել գաւառի քաղաքական-տնտեսական կեանքը, ներկայացնել գիւղատնտեսութեան բնագաւառի այսպէս կոչուած՝ առաջաւորներուն, ընդհանրացնել անոնց փորձը։ Տարածած է խորհրդային իշխանութեան կեդրոնական եւ տեղական մարմիններու դեկրէտներն ու հրահանգները։
«Կարմիր Երիտասարդի Թերթիկ», «Աշխատաւոր Կնոջ Թերթիկ» էջերով փորձած է նպաստել գիւղական շրջաններու ագիտացիոն դաստիարակութեան վրայ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Վազգեն Ամիրբեկյան, Սովետահայ տեղական մամուլը, Ե., 1964, էջ 13-16