Jump to content

Կարիկ Պասմաճեան

Կարիկ Պասմաճեան
Ծնած է 1947 թուականին
Ծննդավայր Երուսաղէմ
Մահացած է 1989[1][2]
Մահուան վայր Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Իսրայէլ[2]
 Ֆրանսա[3]
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, gallerist, թարգմանիչ, հավաքորդություն

Կարիկ Պասմաճեան, ծնած է 1947 թուականին Երուսաղէմ, ուր ապրած է մինչեւ 1965 թուականին։ Տասնութ տարեկան մեկնած է Հայաստան, հետեւած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրութեան ճիւղին (1966-1972), ապա վերադարձած է արտասահման եւ հաստատուած Փարիզ՝ ուր կ'ապրի ներկայիս։

Մինչեւ 1969 չէ գրած հայերէնով. գրած է անգլերէնով եւ այդ լեզուով ալ հրատարակած է քերթուածներու իր առաջին հատորը՝ 1968 թուականին («Ցոլքեր»):

1967 թուականին, Երեւանի մէջ, Գուրգէն Մահարի հայէրէնի կը թարգմանէ իր բանաստեղծութիւններէն չորսը եւ կը հրատարակէ «Գրական Թերթ»ի մէջ 3 Փետրուար 1967 թուականին։ Երկու տարի ետք է որ ինքնագիր եւ հայալեզու իր առաջին քերթուածը տեղ կը գտնէ նոյն շաբաթաթերթին մէջ ու Կարիկ կը ստանայ հայ բանաստեղծի իր մկրտութիւնը:

1969-1980 տուած է հայալեզու իր ստեղծագործութեանց հինգ հատորները, «Լուսատըտիկ»՝ 1971, «Շթաքարեր»՝ 1973, «Բեղմնափոշի»՝ 1976, «Վերադառնում եմ իմ սկիզբը»՝ 1978 եւ «Անաւարտ Խաղ»՝ 1980:

Կատարած է բազմաթիւ թարգմանութիւններ անգլերէնէ եւ արաբերէնէ, ներկայացնելով անգլեւամերիկեան եւ արաբական ժամանակից բանաստեղծութիւնը։ Անգլերէնի թարգմանած է հատընտիրներ Պրոյր Սեւակի եւ Եղիշէ Չարենցի ստեղծագործութիւններէն եւ հրատարակած է ամերիկեան, անգլիագիր բանաստեղծներու գործերէն ծաղկաքաղ մը՝ անգլերէնով ու հայերէնով։

Գրական ակնարկներով, ուսումնասիրութիւններով եւ ինքնագիր բանաստեղծութիւններով աշխատակցած է Հայաստանի թէ Սփիւռքի գրական պարբերաթերթերուն («Սովետ. Գրականութիւն», «Գրական Թերթ», «Գարուն», «Անդաստան», «Նայիրի», «Սփիւռք», եւ այլն»), ինչպէս նաեւ անգլիական «Էնքաունթըր» եւ «Տը Լիթըրըրրի Թապլոյտ» հանդէսներուն։

Գրած է յառաջաբաններ եւ խմբագրած՝ Փարիզի «Քաթրա» մշակութային խմբակցութեան կողմէ հրատարակուած գրքոյկներ, ինչպէս Բիւզանդ Թոփալեանի «Դաշտանկար»ը «1976», եւ «Իրանահայ Բանաստեղծներ» (1976), «Իսթանպուլահայ Բանաստեղծներ» (1977) անուններուն տակ՝ գաղութներու մէջ ապրող քերթողներէ հատըտնտիր էջեր[4]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 2,0 2,1 Identifiants et RéférentielsABES, 2011.
  3. (unspecified title) — 2000.
  4. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Բ. (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։