Կանչուոր Սուրբ Աստուածածին վանք (Կիպրոս)
Կանչուոր Սուրբ Աստուածածին վանք, (Սուրբ Աստուածածին Կանչուոր), կը գտնուի Ֆամագուստա քաղաքէն հիւսիս-արեւմուտք, քարմելիթներու եկեղեցւոյ դիմաց։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1346-ին՝, Կիլիկիոյ հայ փախստականներու եւ գաղթականներու կողմէ կառուցուած է ամրոցի դերակատարութիւն ունեցող Կանչուոր Սուրբ Աստուածածին վանքը։ Ան կառուցուած է հայկական ճարտարապետութեան ոճով՝ յունակիպրական տարրերով։ Վանքը՝ Կիպրոս կղզիի հոգեւոր-մշակութային կարեւոր կեդրոններէն եղած է, ուր ապրած ու ստեղծագործած է Ներսէս Լամբրոնացին։ Կանչուորը կառուցած են զուտ հայկական եւ յունակիպրական ոճերու ճարտարապետութեան փոքրաթիւ տարրերով։ 1571 թուականէն, վանքը դադրած է իր գործունէութենէն։
1907 թուականին, հնէաբանական դեպարտամենտը վերանորոգած է զայն։
1936 թուականին, վերադարձուած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ։
1945 թուականին, վանքը կրկնակի օծուած է՝ արքեպիսկոպոս Գէորգ Չեպէեանի կողմէն։
1957 թուականին, այրուած է՝ թուրք կիպրացիներու կողմէ։
1963-1964 թուականներուն, վանքը եւ անոր մերձակայ տարածքը անցած է ծայրայեղական թուրք կիպրացիներու ձեռքը, իսկ 1974 թուականի Օգոստոսին՝ թուրք զինուորականներու։
Վանքի մուտքը փակուած է եւ այնտեղ տեղաւորուած է զինուորական փաշա։
2003 թուականին, արգելքը մասնաւորապէս վերցուած է[1][2], իսկ 2005-էն ի վեր զբօսաշրջիկներուն նորէն արտօնած է այցելել վանքը։
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]35°07′39″N 33°56′11″E / 35.1274°N 33.9364°E